By Asbarez | Saturday, 21 April 2018
Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը 20 Ապրիլի առաւօտեան քանի մը ժամով մեկնեցաւ Հայաստան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մամլոյ դիւանը:
Կը նշուի, որ ան նոյն օրը պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք:
Պէյրութի օդակայանին մէջ Cilicia TV-ի խնդրանքով՝ անդրադառնալով հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. <<Այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը բնականաբար ընդվզումի արտայայտութիւն են, սակայն ինչ ալ ըլլան ընդվզումներու պատճառը, արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ հայու արիւն հոսի հայրենի սրբազան հողին վրայ: Արտօնելի չէ, ներելի չէ, որ մեր ոստիկաններուն ու երիտասարդներուն միջեւ բախումներ տեղի ունենան՝ երբեմն ոստիկաննները մղելով ձերբակալութիւններու: Բոլորն ալ մեր սիրելի զաւակներն են: Ինչպէս մեր բոլոր ընկերութիւններու կեանքի մէջ, նաեւ հայրենի մեր ժողովրդի կեանքին մէջգոյութիւն ունին լուրջ հարցեր եւ լուրջ մտահոգութիւններ, որոնք մեր զաւակները երբեմն կը մղեն բողոքի ու պոռտկումի:
<<Անհրաժեշտ է, սակայն, որ հարցերն ու մտահոգութիւնները քննուին եւ լուծման ուղիներ որոնուին միասնաբար, նախագահին հովանաւորութեամբ եւ մեր ժողովուրդը ներկայացնող բոլոր ուժերուն միասնական ճիգով եւ թօթափած սիրոյ ու հասկացողութեան ոգիով: Այս է հարցերը լուծման առաջնորդող ճիշդ ու ապահով ճանբան: Այս է մեր սպասումը հայրենի մեր իշխանութիւնէն, ինչպէս նաեւ հայրենի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներէն:
Կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ իր երկնային հովանիին ներքեւ անվնաս պահէ ու պաշտպանէ մեր սիրելի հայրենիքը:
Կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ իր երկնային շնորհքներով ու բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդի կեանքը ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ