Հենրիխ Մխիթարեան Գաւառի Մանկատան Համակարգիչներ Նուիրած Է

By Asbarez | Friday, 16 December 2011

 

ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔ, «Նիուզ».- Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուած Հենրիխ Մխիթարեանը, Դեկտեմբեր 16ին այցելած է Գաւառի մանկատուն, որուն նուիրած է համակարգիչներ ու պայուսակներ:

Մխիթարեան ֆութպոլ խաղացած է մանկատան խումբի երեխաներուն հետ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած են ազգային հաւաքականի առաջնակարգ խաղացողը ու անոր յայտնած, թէ իրենց կեանքը աւելի հետաքրքրական դարձած է՝ շնորհիւ անոր յաղթանակներուն։

Հենրիխ Մխիթարեան տնօրէնին եւ երեխաներուն հետ ծանօթացած է մանկատան պայմաններուն: Նոյն օրը, ան այցելած է նաեւ Մարտունիի թիւ 3 միջնակարգ դպրոցը, ուր զայն դիմաւորած են մեծ շուքով, աղ ու հացով, զուռնա-տհոլով:

Մխիթարեան դպրոցի մարզադահլիճին մէջ պատանիներուն հետ ֆութպոլ խաղացած է, ապա անոնց նուիրած է գնդակներ: Այնուհետեւ Մխիթարեան դպրոցի դահլիճին մէջ պատասխանած է մարտունեցիները հետաքրքրող հարցումներուն:

comments