Ժողովրդային շարժումը առաջադրեց Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը Վարչապետի պաշտօնին

By Asbarez | Friday, 27 April 2018

0426demo1

ԵՐԵՒԱՆ - Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլին նախատեսուած բանակցութիւնները վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի եւ ժողովրդային շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ չկայացան: Կարէն Կարապետեան, առարկելով, որ Փաշինեան փոխզիջման տրամադրութիւն ցոյց չի տար՝ որոշած էր չներկայանալ բանակցութիւններու:

Այս իրողութեան լոյսին տակ, Փաշինեան կոչով դիմեց ժողովուրդին՝ Չորեքշաբթի օր վերսկսելու ժողովրդային անհնազանդութեան գործողութիւններուն, իսկ երեկոյեան դարձեալ մասնակցելու Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք հաւաքին:

Ժողովուրդը դարձեալ խուռներամ ներկայութեամբ եւ ոգեւորութեամբ ընդառաջեց Փաշինեանի կոչին:

Ժողովրդային հաւաքին ընթացքին, Փաշինեան դարձեալ ներկայացուց շարժման պահանջները, որոնք կը բացառեն Հանրապետական կուսակցութենէն ոեւէ անդամի ընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնին: Ցոյցի մասնակիցները միաձայն գոռացին Փաշինեանի անունը՝ երբ հարց տրուեցաւ, թէ ո՞վ է վարչապետի իրենց թեկնածուն:

Հաւաքի ընթացքին Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀՀԿ կարգ մը պատգամաւորներ իրեն հետ կապուած են ու պատրաստակամութիւն յայտնած Ազգային ժողովի քուէարկութեան ընթացքին իրենց ձայնը տալ Փաշինեանին:

Հինգշաբթի օր ցոյցերը եւ անհնազանդութեան գործողութիւնները շարունակուեցան:


comments