By Asbarez | Friday, 27 April 2018

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, 25 Ապրիլի ամբողջ օրուան ընթացքին խորհրդակցութիւններ ունեցաւ քաղաքական ուժերու եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ, 26 Ապրիլի առաւօտեան հանդէս եկաւ հետեւեալ ուղերձով.
<<Սիրելի հայրենակից,
Մեր երկրին մէջ վերջին օրերու բուռն զարգացումները աննախադէպ երեւոյթ են: Այն, թէ ինչպէս քաղաքացիական շարժումը կազմակերպուած եւ քաղաքակիրթ զարգացման ճանապարհով վերաճեցաւ համաժողովրդական շարժման, համայն հայութեան համար հպարտութեան առարկայ է:
Հայաստանի պատմութեան մէջ ունինք այլեւս նոր էջ: Մենք կ՛ապրինք Նոր Հայաստանի մէջ: Հայաստան, ուր իւրաքանչիւր հայաստանցի եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր ուժն ու եռանդը պէտք է դնէ երկրի զարգացման համար: Հայաստան, զոր մատնացոյց պիտի ընեն աշխարհի մէջ՝ ժողովրդավարութեան, կառավարման, քաղաքացիական հասարակութեան, մշակոյթի, գիտութեան ու տնտեսութեան զարգացման առումով: Հայաստան, ուր հայը պիտի տեսնէ իր եւ իր սերունդներու ապագան: Հայաստան, որ պիտի սիրէ իւրաքանչիւր հայու՝ պետական այրն ու շարքային քաղաքացին:
Հայաստան, որ պիտի ըլլայ իմ եւ քու երազանքներու Հայաստանը:
Այս իրողութիւնը ժխտելը քաղաքական կարճատեսութիւն կը համարուի:
Այնպէս, ինչպէս Սերժ Սարգսեան սթափ գնահատականով բացաւ Նոր Հայաստան տանող դարպասը, նոյն կերպով քաղաքական բոլոր ուժերը, յատկապէս Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած, պէտք է համերաշխաբար հարթեն այդ ճանապարհը՝ առաջնորդուելով սահմանադրութեամբ:
Մենք բոլորս պարտաւոր ենք յաւուր պատշաճի իրագործել այն պատմական առաքելութիւնը, որ մեզի բաժին հասած է, եւ մեր ազգին համար այս բախտորոշ պահուն առնել այդ քայլը: Ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող քաղաքական ուժերը պէտք է միասնաբար երկիրը առաջնորդեն այս ճանապարհով:
Ես համոզուած եմ, որ հազարամեակներու ընթացքին կուտակուած ազգային խոհեմութիւնը թոյլ չի տար շրջանցել այս պատմական պահը:
Հպարտ եմ, որ կը տեսնեմ այսօրուան Հայաստանը, եւ ուրախ, որ պիտի ապրիմ վաղուան հզօր, միասնական, արդար եւ ծաղկող Հայաստանի մէջ:
Բարի լո՛յս, Հայաստան: Բարի լո՛յս, Հայաստանի հպարտ քաղաքացի>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ