Խնդիրը Ընդհանուր Քաղաքական Յայտարարի Գալն Է

By Asbarez | Saturday, 28 April 2018

0428Arsen


Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 26 Ապրիլին տեղեկացուց, որ վարչապետի ընտրութեան հարցով խորհրդարանի յատուկ նիստը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ Երեքշաբթի՝ 1 Մայիսին:

<<Ազգային ժողովի կանոնակարգ>> օրէնքին համաձայն՝ վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունք ունին բոլոր խմբակցութիւնները, կարելի է նաեւ քաղաքական համախոհութիւն կազմել (կոալիցիա) այլ խմբակցութեան հետ եւ առաջադրել վարչապետի մէկ թեկնածու:

Խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնները կը պնդեն, որ տակաւին թեկնածու չեն առաջադրած:

Ըստ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի՝ քննարկումներ կատարելու համար այսօր կամ վաղը ՀՅԴն պիտի հանդիպի համաժողովրդական շարժումի ղեկավարներուն եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները որեւէ տարբերակ չեն բացառեր՝ Փաշինեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելը կամ սեփական թեկնածուով հանդէս գալը: Իսկ ոեւէ թեկնածուի առաջադրման պարագային, ըստ Համբարձումեանի, կանխակալ մօտեցում պիտի չունենան նաեւ ՀՀԿ թեկնածուին պարագային: <<Խնդիրը ընդհանուր քաղաքական յայտարարի գալն է>>, ըսաւ Համբարձումեան:

Դաշնակցութիւնը շարք մը հարցեր ունի ճշդելիք Փաշինեանի հետ: Եւ պատրաստ չէ ձայն տալու անոր, եթէ իրենց բարձրացուցած հարցերուն գծով Փաշինեան այլ մօտեցումներ ունենայ:

<<Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ վարչապետի թեկնածուն խորհրդարանին կողմէ առաջադրուի համախոհութեամբ: Կը կարծեմ, որ քաղաքական քննարկումները պիտի ընթանան այս ուղղութեամբ: Եթէ յաջողութիւն չարձանագրուի, այդ պարագային չի բացառուիր, որ 1 Մայիսին տեղի ունենալիք նիստին ընթացքին առաջադրուին քանի մը թեկնածուներ: Իսկ արդէն այդ պարագային չի բացառուիր, որ առաջադրուած թեկնածուներէն ոեւէ մէկը, նկատի ունենալով նաեւ ուժերու յարաբերակցութիւնը եւ ստեղծուած իրավիճակը, բաւարար թիւով ձայներ չկարենայ հաւաքել: Եւ այդ պարագային վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլ կը գոյանայ, որ նոյն-պէս դժուար է կանխատեսել, թէ ի՛նչ զարգացում կ՛ունենայ: Այսինքն՝ այդքան ալ միանշանակ չէ, որ ամսուն 1ին կամ 2ին, քաղաքական համաձայնութիւն չձեւաւորուելու պարագային, մենք հանգուցալուծում կ՛ունենանք>>:

Համբարձումեան, ծանօթ ըլլալով շրջանառուող տեսակէտներուն՝ հաւաստիացուց, թէ իրենց համար <<ամենեւին կարեւոր չէ իշխանութեան մեջ ըլլալ-չըլլալու հարցը. մեզի համար կարեւոր է, որ մեր տեսակէտներուն, մեր մօտեցումներուն հետ օրուան իշխանութիւնները հաշուի նստին>>:

Ներկայացնելով համախոհական կառավարութենէն Դաշնակցութեան դուրս գալու դրդապատճառները՝ Համբարձումեան ըսաւ. <<Հայաստանի մէջ ստեղծուած է ֆորսմաժորային (զօրութենական ուժի-Խմբ.) իրավիճակ. այս իրավիճակէն դուրս գալու, ելքեր փնտռելու հարցին մէջ պատասխանատու են բոլոր դերակատար քաղաքական ուժերը: Եւ մեր պատկերացումով, համախոհական կառավարութենէն դուրս գալու քայլը կրնայ նպաստել մեզ՝ մեր գործողութիւններու ազատութեան տեսանկիւնէն, եւ կը կարծենք, այն առաքելութիւնը, զոր մենք ստանձնած ենք՝ բանակցային հարթակ ձեւաւորելու, կրնանք այս կարգավիճակով աւելի արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել, որպէսզի կարենանք ճիշդ ելքեր գտնել իրավիճակը հանգուցալուծելու համար>>:

 

azatutyun.am

 

comments