By Asbarez | Monday, 30 April 2018

ԵՐԵՒԱՆ - Երկուշաբթի, 30 Ապրիլի ուշ երեկոյեան, Սերժ Սարգսեանի դէմ ժողովրդային շարժում կազմակերպած եւ անոր իշխանութենէն հեռացումը իրականացուցած Նիկոլ Փաշինեանը, նոյն երեկոյ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն ետք՝ համացանցով ելոյթ ունեցած է եւ յայտարարած, թէ իրեն տեղեկութիւն հասած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարութեան գաղտնի ժողովին մասին:
Ըստ Փաշինեանի՝ նախկին վարչապետ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարները իրենց գումարած գաղտնի ժողովին ընթացքին որոշած են տապալել Փաշինեանի ընտրութիւնը՝ Երեքշաբթի օրուան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին:
Նշենք, որ ՀՀԿի խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով Երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ ՀՀԿն վարչապետի ընտրութեան վերաբերեալ իր որոշումը պիտի հրապարակէ Մայիս 1ին, Նիկոլ Փաշինեանի ծրագիրին ծանօթանալէ ետք: Շարմազանովի այս յայտարարութիւնը արդէն իսկ կը թելադրէ Փաշինեանի ստացած տեղեկութեան հաւաստիութիւնը:
Փաշինեան իր այս հրապարակումէն ետք կոչով մը դիմեց Հայաստանի ժողովուրդին՝ Երեքշաբթի առաւօտ ողողելու Երեւանի փողոցները:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ