By Asbarez | Wednesday, 02 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, 2 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղտասարեան յայտարարեց, որ ՀՀԿն եկող Երեքշաբթի օր, վարչապետ ընտրելու օրակարգով Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին սեփական թեկնածու պիտի չառաջադրէ եւ կողմ պիտի քուէարկէ Ազգային Ժողովի կողմէ առաջադրուած թեկնածուին:
<<Մենք կը պաշտպպանենք մէկ երորդի կողմից առաջադրուած թեկնածուին>>, յայտարարեց Բաղտասարեան:
<<Ով որ կ՛առաջադրուի մէկ երրորդի կողմից, մենք օժանդակելու ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Մայիսի 8ին կ՛ունենայ վարչապետ: Հանրապետականը վարչապետի թեկնածու չի առաջադրելու>>, ըսաւ Բաղտասարեան:
ՀՀԿի ներկայացուցիչը նշեց, որ իր կուսակցութիւնը դրական կը գնահատէ այն փաստը, որ Ազգային ժողովի քննարկումներուն խորհրդարանական չորս խմբակցութիւններուն կողմէ հնչեցին առկայ գրեթէ բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք առկայ են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու տեսանկիւնէն: Ան աւելցուց. <<Հանրապետականի կողմից հնչեցուած մտահոգութիւնների մի մասը վարչապետի թեկնածուի հետ հարցուպատասխանի ընթացքում փարատուեց, բայց ամենակարեւորները դեռ մնացել են անպատասխան: Այդ հարցերն անկիւնաքարային են ոչ թէ Հանրապետական կուսակցութեան, այլ մեր երկրի հէնց վաղուայ համար>>:
Վահրամ Բաղդասարեան այնուհետեւ ներկայացուց ՀՀԿի դիրքորոշումը.
<<1. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Մայիսի 8ին ունենալու է սահմանադրական ճանապարհով ընտրուած վարչապետ:
Նշենք, որ Ազգային Ժողովի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութեան ղեկավար Գագոկ Ծառուկեան, Չորեքշաբթի օր >>Մարիոթ<< հիւրանոցի մէջ ժողովրդային շարժման ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպում ունեցած էր եւ դուրս գալով հանդիպումէն յայտարտարծ, իոր իր խմբակցութիւնը պիտի քուէարկէ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնախութեան օգտիին: Այսպիսով,բ փաստօրէն Նիկոլ փաշինեանի վարչապետ ընտրութիւնը երաշխաւորուած կ՝ըլլայ յառաջիկայ Երեքշաբթի օր տեղիմ ունենալիք Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ