Երկրորդ փուլին պէտք է կարենանք լուծումներ գտնել. Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Thursday, 03 May 2018

C

ԵՐԵՒԱն - ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան կը կարծէ, որ մինչեւ վարչապետի ընտրութեան երկրորդ փուլ հարկաւոր է Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիներ գտնել:

Առաջին փուլին վարչապետի ընտրութեան տապալումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ այս վիճակը չի կրնար երկար շարունակուիլ: <<Մենք մեր տեսակէտը արդէն յայտնած ենք, մեր դիրքորոշումը արտայայտած ենք: Իսկ երկրորդ փուլին մենք պէտք է կարենանք լուծումներ գտնել: Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ: Մեր սկզբունքը կը մնայ նոյնը: Մենք կը կարծենք, որ պէտք է համախոհութեան միջոցով ընդհանուր յայտարարի հասնինք: Ես կը կարծեմ, որ յաջորդ անգամ ալ պէտք է ամէն ինչ կատարուի, որ մէկ թեկնածու ըլլայ>>, նշեց Ռուստամեան:

Պատգամաւորը ընդգծեց, որ հարկաւոր է երկխօսութեան համար տեղ ձգել: Ռուստամեան յոյս յայտնեց, որ այս բոլորի արդիւնքով արիւնահեղութիւն տեղի չ՛ունենար, որովհետեւ իրենք իրենց կողմէ ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի իրավիճակը խաղաղ հանգուցալուծում ունենայ:

Արմէն Ռուստամեան չբացառեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այս վիճակէն կրնան գայթակղիլ: <<Անոր համար այս վիճակին հանգուցալուծումը երկար չի կրնար տեւել>>, ըսաւ ան:

Ան աւելցուց, որ ՀՀԿն չպաշտպանեց իր տեսակէտը, քանի որ աւելի վաղ յայտարարած էին, որ չեն խոչընդոտեր խորհրդարանի մէջ վարչապետի ընտրութեան:

Պատգամաւորը շեշտեց, որ իրենց հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ արտաքին ուժեր չմիջամտեն: <<Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բնական է, որ փորձեր ըլլան ուղղորդել կամ ազդել իրավիճակին վրայ: Մենք պէտք չէ թոյլ տանք ատոր, իսկ անոր համար հարկաւոր է որքան հնարաւոր է շուտ հասնիլ յանգուցալուծման>>, ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ լուծում դեռ կայ, քանի որ 7 օրէն դարձեալ վարչապետի ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ըստ անոր՝ այս պահէն սկսած պէտք է ամէն ինչ ընել համաձայնեցուած գործողութիւններ իրականացնելու: Ռուստամեան ճիշդ կը համարէ երկրորդ փուլին եւս մէկ թեկնածու առաջադրելը:

 



comments