Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատարական կազմին հետ

By Asbarez | Thursday, 03 May 2018

0503pako

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 Մայիսին այցելեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:

Հանդիպման քննարկուեցան երկրի պաշտպանունակութեան վերաբերող զանազան հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ սահմանին տիրող իրավիճակին:

Զեկոյցներով հանդէս եկան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ այլ բարձրաստիճան զինուորականներ:


comments