By Asbarez | Friday, 04 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան Հինգշաբթի, 3 Մայիսին, հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ նշեց, որ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Աղուան Վարդանեան 3 Մայիսին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 1 Մայիսին, խորհրդարանին մէջ վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեան քուէարկութեան: Վարդանեան ընդգծեց, որ կը ներկայացնէ կուսակցութիւն մը եւ խմբակցութիւն մը, որ կողմ քուէարկելու որոշում ունի, ուստի պատրաստ է վար դնելու իր լիազօրութիւնը, եթէ կուսակցութիւնը այդպէս պահանջէ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը նոյն օրը յայտարարութիւն տարածեց, որ Աղուան Վարդանեանի հնչեցուցած տեսակէտը անձնական որոշում է եւ չի համապատասխաներ ՀՅԴի պաշտօնական դիրքորոշման: <<Կատարուեց կարգապահական կոպիտ խախտում, որ կը դառնայ քննութեան նիւթ: Ըստ այդմ, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄն պահանջում է Աղուան Վարդանեանից՝ վաղաժամ վար դնել պատգամաւորական իրաւագիրը>>, ըսուած էր ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի յայտարարութեան մէջ:
Հինգշաբթի օր, լրագրողներու հետ զրուցելով, Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ իր քայլին:
<<Ես իմ ելոյթի ժամանակ յայտարարել էի, որ եթէ կուսակցութիւնը ցանկանայ, ես պատրաստ եմ վայր դնել իմ մանդատը, ինչն այսօր արդէն արել եմ>>, ըսաւ Աղուան Վարդանեան։ Վերջին իրադարձութիւններուն հանդէպ իր վերաբերմունքին մասին խօսելով ան ըսաւ. <<Այդ մասին իմ ելոյթում ամէն ինչ ասուած է>>:
Լրագրողներէն մէկուն յիշեցման, թէ <<ձեզ սկսեցին մեղադրել, որ ժողովրդի հետ չէք>>, Վարդանեան պատասխանեց. <<Ժողովուրդը նաեւ ես եմ>>:
Վարդանեան <<զառանցանք>> որակեց մամուլի այն հրապարակումները, ըստ որոնց՝ իր դէմ կատարուած են սպառնալիքներ՝ բացայայտելու <<յանցանքներ>>, որոնք կը վերաբերին անոր ընկերային ապահովութեան նախարարի պաշտօնը վարած տարիներուն:
<<Այդ զառանցանքները վաղուց հերքուել են>>, արձագանգեց Աղուան Վարդանեան:
Պատասխանելով <<ինչով պիտի զբաղուիք այժմ>> հարցումին՝ Վարդանեան պատասխանեց. <<Զբաղուելու եմ Աղուան Վարդանեանի բուռն գործունէութեամբ>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ