By Asbarez | Saturday, 05 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - <<Քաղաքացիական Պայմանագիր>> կուսակցութեան վարչութեան անդամ Արայիկ Յարութիւնեան համոզուած է, որ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, <<Ելք>> խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան՝ վարչապետ ընտրուելու պարագային, նոր կառավարութեան կազմին մէջ պիտի առնէ պետական կառոյցին մէջ գործող մասնագէտներ:
<<Դա չի նշանակում, որ կառավարութիւնը մի կուսակցութեան ձեռքում է լինելու, այլ <<ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն>> է կազմուելու: Դաշտում առկայ արհեստավարժ կադրերը տեղ կը գտնեն կառավարութիւնում: Սփիւռքից կան մասնագէտներ, ովքեր ցանկութիւն են յայտնել մեզ հետ քննարկել ծրագրային որոշ դրոյթներ եւ առաջարկներով հանդէս գալ: Ինչպիսին կը լինի կազմը՝ կ՛իմանանք Մայիսի 8ից յետոյ>>, յայտնեց Յարութիւնեան:
<<Քաղաքացիական Պայմանագիր>> կուսակցութեան վարչութեան անդամը յայտնեց նաեւ, որ դեռ կառավարութեան նոր կազմի հարց չէ քննարկուած:
<<Առաջիկայ 1-2 օրերի ընթացքում այդ հարցը կը քննարկուի. պայմանաւորուածութիւն ունենք մեր կուսակցութիւնում, որ այդ հարցը քննարկելու ենք>>, նշեց Յարութիւնեան: Ան գրեթէ վստահ է, որ Մայիս 8ին, Ազգային ժողովը վարչապետ պիտի ընտրէ Նիկոլ Փաշինեանը, այլապէս իրենց խումբը պատրաստ է դիմագրաւելու որեւէ զարգացում:
Ըստ Յարութիւնեանի՝ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու պարագային, նոր կառավարութիւնը պիտի դառնայ ազատ եւ արդար արտահերթ ընտրութուններու երաշխաւորը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ