By Asbarez | Tuesday, 08 May 2018

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստան ժամանեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Սերժ Թանգեան: <<Զուարթնոց>> օդակայան Սերժը դիմաւորելու եկած էր Նիկոլ Փաշինեանը:
Օդակայանէն մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ հասնիլը՝ Սերժ Թանգեանը ողջունեցին բազմահազար երեւանցիներ:
Սիրուած երգիչը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցաւ։ <<Կը ներէք, որ ֆիզիկապէս ուշացայ այս գեղեցիկ յեղափոխութիւնից, բայց հաւատացէ՛ք, որ հոգով միշտ ձեզ հետ էի. ոչ միայն ես, այլեւ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը>>, յայտարարեց Թանգեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ խաղաղ ցոյցերով կրցաւ ստեղծել հայ ազգի բաղձալի հայրենիքը:
<<Հիմա արդէն ամբողջ աշխարհը ձեզ է նայում՝ իբրեւ դրական օրինակի. երգով, պարով ու ժպիտով հասաք ձեր նպատակին>>, ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ աշխարհը տարիներ շարունակ հայերուն ճանչցած է Ցեղասպանութեամբ, երկրաշարժով ու պատերազմով, բայց հիմա այս շարժումով հայերը բարձրացուցին մեր երկրի վարկանիշը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Սերժ Թանգեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը գեղեցիկ յեղափոխութիւն անուանեց:
<<Ժամանակը եկել էր, երբ ժողովուրդը ոտքի է կանգնում, ոչ մի բան չի կարող կասեցնել նրան>>, ըսաւ ան:
Աշխարհահռչակ երաժիշտը աւելցուց, որ երկու շաբաթ չեն քնացած, հետեւած են Հայաստանի իրադարձութիւններուն, ու հաւաստիացուց, որ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը հոգիով-սիրտով հայաստանցիներուն հետ է: Ան ըսաւ, որ իրեն համար երազանք էր այս յաղթանակը՝ երազանք, որ իրականացած է: Ան շեշտեց, որ լուրջ յոյսեր կան Նիկոլ Փաշինեանի հետ կապուած:
<<Մեր ժողովրդի թեկնածուն է, եւ միշտ աչքներս նրա վրայ կը պահենք, որ վստահ լինենք, որ մեզ չի յուսահատեցնի, բայց ինքը արդէն ժողովրդից ծնած է>>, ըսաւ Թանգեան:
Նշենք, որ Թանգեան համերգ պիտի չտայ Երեւանի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան եւս ելոյթ ունեցաւ հանրահաւաքին առջեւ: Ան յայտարարեց, որ իր վարչապետի ընտրութիւնը գրեթէ երաշխաւորուած է Երեքշաբթի օրուան Ազգային ժողովի նիստին:
Ժողովուրդը Երեքշաբթի օր դարձեալ պիտի հաւաքուի Հանրապետութեան հրապարակ եւ այնտեղ տեղադրուած մեծ պաստառներէն ուղղակիօրէն պիտի հետեւի նիստի աշխատանքներուն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ