Հայկական բանակը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ

By Asbarez | Thursday, 10 May 2018

0510nigolarmy

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ 9 Մայիսին այցելեց Արցախի Հանրապետութեան (ԱՀ) Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) շտաբ, ուր տեղի ունեցաւ ծառայողական խորհրդակցութիւն:

Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցեց սահմանի իրավիճակի մասին: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական համագործակցութեան յետագայ խորացման եւ հակառակորդը զսպելու միջոցներու կատարելագործման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւս ցոյց տուին, որ հայկական բանակը կը գտնուի <<ինստիտուցիոնալ (կառուցային-Խմբ.) բարձր մակարդակի վրայ>>:

Վարչապետը ընդգծեց, որ զինուած ուժերուն հետ կապուած բոլոր հարցերը պիտի արժանանան Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան:

 



comments