Հայ ժողովուրդը Վստահ Կը Քալէ իր Երազանքներու Ճանապարհով. Հայաստանի Վարչապետին Այցելութիւնը Ստեփանակերտ

By Asbarez | Thursday, 10 May 2018

 

0510nigolartsakh

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Նորընտիր վարչապետ նիկոլ Փաշինեան, 9 Մայիսի առաւօտեան ուղեւորուեցաւ Արցախ՝ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցելու Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի եւ այլ պաշտօնատար անձերու հետ Փաշինեան այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, այնուհետեւ ծաղիկներ զետեղեց Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներու գերեզմաններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՓանԱրմինիըն»ը:

Վարչապետը 9 Մայիսի եռատօնին առիթով նաեւ ուղերձ յղեց՝ շնորհաւորելով Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

0510nigolartsakh2

«Հայրենական մեծ պատերազմին մեր նախնիներու տարած յաղթանակը իսկապէս պատմական էր: Այդ յաղթանակը եւ անով պայմանաւորուած խաղաղութիւնը նոր դռներ բացին մեր ժողովուրդին համար եւ նոր հորիզոններ բացին անոր ստեղծագործ աշխատանքի, երկրի շէնացման ու զարգացման համար:

Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները այդ յաղթանակին տուին այն ամէնը, ինչը կրնային եւ փառքով պսակեցին իրենց անունը երկրորդ Աշխարհամարտի բոլոր ճակատներուն, ինչպէս նաեւ թիկունքին, հրոսակային կռիւներուն եւ դիմադրական շարժումներուն:

Խոր ակնածանքով այսօր մենք մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեր վեթերաններուն:

0510nigolartsakh3

Այսօր մեզի համար կրկնակի տօն է: Մենք կը տօնենք Շուշիի ազատագրման տարեդարձը: Այդ փառաւոր յաղթանակը սոսկ ռազմական յաջողութիւն չէր: Անով արցախահայութիւնը փրկուեցաւ բնաջնջման վտանգէն եւ ձեռք բերաւ խաղաղ ապրելու հեռանկար…

…Դարձեալ կը շնորհաւորեմ բոլորս այս փառապանծ տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղ երկինք, արդար ու արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի փառս մեր երկրի եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդի»:


comments