Սփիւռքի Նորանշանակ Նախարարը Երկպալատ Խորհրդարան Ստեղծելու Առաջարկ Ներկայացուց

By Asbarez | Tuesday, 15 May 2018

0515diaspora

ԵՐԵՒԱՆ -ՀՀ սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեան կ՛առաջարկէ ստեղծել երկպալատ խորհրդարան, որոնցմէ մէկուն մէջ ներկայացուած ըլլան միայն Սփիւռքի ներկայացուցիչները:

<<Յառաջիկային պիտի փորձեմ անդրադառնալ այս հարցին: Ասիկա միանձնեայ որոշում չի կրնար ըլլալ: Մեր քաղաքական աշխատակազմի ծրագիրին մէջ ներառուած այդ գաղափարը պէտք է քննարկուի, նորացուի ու համաձայնեցուի: Ես իմ աշխատակազմին հետ այդ գաղափարի ակունքներուն մէջ կանգնած եմ>>, ըստ <<Սփութնիք Արմէնիա>>ի յայտնեց Հայրապետեան:

Ըստ անոր՝ ասիկա Սփիւռքի հետ համագործակցելու ու Սփիւռքը հարցերու ընդունման գործընթացին մէջ ներառելու ճիշդ ուղի է: Նախարարը յայտնեց, որ կարելի չէ միանշանակ պնդել, թէ նախաձեռնութիւնը պիտի ներառուի կառավարութեան ծրագիրին մէջ: <<Բայց ես յառաջ պիտի տանիմ այդ գաղափարը: Անիկա մեր ծրագրային կարեւորագոյն կէտերէն է>>, ըսաւ Հայրապետեան:

Նախարարը նշեց, որ նախարարութիւնը այս հարցով առաջարկներ պիտի ընդունի նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներէն: Այդ պատճառով չի բացառուիր, որ բուն նախաձեռնութեան մէջ փոփոխութիւններ ըլլան:

Նախարարին համաձայն՝ խորհրդարանի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին գաղթօճախներու մէջ:

14 Մայիսին, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրականացուց իր առաջին աշխատանքային խորհրդակցութիւնը: Նորանշանակ նախարարը կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն ներկայացուց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան իր տեսլականը, պատկերացումներն ու նախարարի պաշտօնին առաջին քայլերը:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին վարչութիւններու գործառոյթները, անոնց կատարած աշխատանքը, ընթացիկ եւ ապագայ ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:

Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ երիտասարդական եռանդը, նոր ու համարձակ գաղափարները եւ մօտեցումները կը համադրուին գոյութիւն ունեցող փորձառութեան հետ, եւ կառոյցը կը շարունակէ նոր թափով աշխատիլ:

Նշենք, որ սփիւռքի նոր նախարարը նշանակուեցաւ 11 Մայիսին: Այս պաշտօնով ան փոխարինեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը: Մխիթար Հայրապետեան նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ ամենաերիտասարդ նախարարն է. ան 28 տարեկան է:

 



comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement