Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին կը հասնի

By Asbarez | Thursday, 17 May 2018

0517joban

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Չորեքշաբթի, 16 Մայիսին, 2017ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքքին, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 2016էն ի վեր, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է:

<<Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրը կեանքի է կոչուելու: Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղին հանդիսանելու է ոչ միայն որպէս տրանսպորտ (թոխադրութիւն-Խմբ.), այլ զբօսաշրջութեան խթանման համար լուրջ գործօն>>, յայտնեց Յարութիւնեան՝ նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին եւ նշեց, որ ճոպանուղիի կառուցման զուգահեռ, Շուշիի մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ հանգիստի գօտի:

 



comments