Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան առաջին շաբաթը Թաւշեայ Յեղափոխութեան առաջնորդը ինչ կրցաւ իրագործել այս ընթացքին - Տէօչը Վելլըի անդրադարձը

By Asbarez | Thursday, 17 May 2018

 

0517pashinian

Շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ նոր վարչապետ ընտրուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը: Գերմանական <<Տէօչը Վելլը>>ի (Deutsche Welle) ռուսական ծառայութիւնը փորձած է պարզել, թէ <<թաւշեայ յեղափոխութեան>> առաջնորդը ինչ յաջողեցաւ իրագործել այս ընթացքին եւ փորձագէտները ինչպէս կը գնահատեն անոր գործունէութիւնը:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ մէկ շաբաթուան ընթացքին իբրեւ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան հասցուց փոխել բոլոր նախարարները, հեռացնել առաւել աղմկայարոյց յայտնի պաշտօնեաները եւ զինուորականները, որոնց շարքին՝ Հայաստանի ոստիկանապետը, եւ բաց դարձուց կառավարութեան նիստերը: Ան նաեւ հրահանգեց բարելաւել մաքսային կարգաւորման կանոնները եւ մասնակցիլ Սոչիի մէջ ԵԱՏՄ գագաթնաժողովին, որուն ընթացքին հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան վերաբերող առաջինը երեւոյթը, որուն մասին միաձայնութեամբ կը խօսին փորձագէտները երկրին մէջ մթնոլորտի փոփոխութիւնն է:

Այստեղ երբեք չեն տեսած, թէ ինչպէս նախարարները կրնան օգտուիլ հանրային փոխադրամիջոցներէ, իսկ վարչապետը աշխատանքի երթայ քալելով: Ամբողջութեամբ փոխելով Հայաստանի կառավարութեան կազմը՝ ան պաշտօններու վրայ նշանակեց  երիտասարդներ՝ անոնց, որոնք աջակցած էին իրեն՝ հին իշխանութիւններու դէմ պայքարի ընթացքին. անոնք եւս այժմ պէտք է գլխաւորեն երկրին մէջ փտածութեան դէմ պայքարը:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ ամէն օր կէսգիշերին վարչապետը <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին միջոցով մարդոց կը պատմէ, թէ ինչ կատարած է տուեալ օրուան ընթացքին: Նման բացութիւն եւ անմիջականութիւն անորմէ ոչ ոք կը սպասէր: Յայտնելով կառավարութեան մէջ նոր նշանակումներու մասին՝ ան պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ տուեալ անձըը պիտի գլխաւորէ այս կամ այն նախարարութիւնը կամ գերատեսչութիւնը: Ըստ դիտորդներուն՝ <<թաւշեայ յեղափոխութեան>> առաջնորդը այսպիսով հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ ժողովուրդին, որուն ջանքերուն եւ կամքին շնորհիւ ան դարձաւ երկրի գլխաւոր քաղաքական անձը:

Քաղաքական եւ միջազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի փորձագէտ Ռուբէն Մեհրաբեան <<Տէօչը Վելլը>>ին յայտնեց, թէ՝ գնահատելով նոր վարչապետին առաջին քայլերը՝ Նիկոլ Փաշինեան աւարտած է նոր կառավարութեան ձեւաւորումը. անոր գլխաւոր հարցը խոր քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարումն է՝ համակարգային բարեփոխումներու միջոցով: Մէկ շաբաթը, անշուշտ, այն ժամկէտը չէ, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի է նոյնիսկ նախնական եզրակացութիւն կատարել:

<<Բայց եւ այնպէս, երիտասարդ, յաւակնոտ անձնակազմը, առաջին յայտարարութիւնները, քաղաքացիներու հետ յետադարձ կապի մշտական պահպանման ձգտումը եւ առաւօտէն մինչեւ ուշ ժամեր աշխատանքը կը խօսին հաստատակամութեան եւ արդիւնքի հասնելու վճռականութեան մասին, որ, կը կարծեմ, կ՛արդարացնէ հասարակութեան սպասելիքները>>, ըսաւ փորձագէտը:

Քաղաքագէտ Միքայէլ Զոլեան, իր կարգին նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան այժմ բարդ շրջանի մը մէջ է՝ նախեւառաջ այն պատճառով, որ կարելի չէ ըսել, որ անոր կը պատկանի ամբողջ իշխանութիւնը. առանցքային քանի մը պաշտօններ տակաւին հանրապետականներու ձեռքն են՝ բացի խորհրդարանին մէջ անոնց մեծամասնութիւն ըլլալէն: Ըստ Զոլեանի՝ դեռ դժուար է խօսիլ առանձին ոլորտներու մէջ յստակ փոփոխութիւններու մասին, բայց կայ մէկ բան, որ նոր իշխանութեան մօտեցումները կտրականապէս կը տարբերին նախորդէն՝ հասարակութեան հետ հաղորդակցելու մօտեցումները, քննադատութեան արձագանգելը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստը ուղիղ եթերով հեռարձակելը:

 



comments