By Asbarez | Thursday, 17 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան ղեկավար աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Արծուիկ Մինասեանը եւ իր տարած աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Սուրէն Կարայեանին:
Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց իր յայտարարութիւնը, որ Հայաստանի մէջ մենաշնորհներ պիտի չըլլան: Ան յայտնեց, որ հետեւողական աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի անոնք դադրին գոյութիւն ունենալէ:
<<Ես չափազանց մեծ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրեմ, որ տնտեսական դաշտը ըստ պահանջի կ՛արձագանգէ մեր քաղաքական յայտարարութիւններուն: Ինծի հասած տեղեկութիւններուն եւ ներկայացուած զեկոյցներուն համաձայն, 8 Մայիսէն ետք, մեր տնտեսութիւնը ոչ միայն ժխտական ազդակներ չի ցուցաբերեր, այլ նաեւ կը ցուցաբերէ դրական ազդակներ, այդ մէկը, կը կարծեմ, կապուած է գոյութիւն ունեցող լաւատեսական մթնոլորտին հետ>>, ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ վարչապետին՝ պէտք է ակնկալել նաեւ զբօսաշրջութեան ծաւալներու մեծացում, որովհետեւ միջազգային մամուլին մէջ Հայաստանը կը ներկայացուի դրական շեշտադրումներով: <<Մարդիկ լայնօրէն հետաքրքրուած են Հայաստանով ու յոյս ունիմ, որ այդ երեւոյթը կը վերածուի գործողութեան եւ մարդիկ կ՛որոշեն գալ Հայաստան՝ տեսնելու, թէ ինչպիսի երկիր է այս>>, յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրէն Կարայեանին իր տարած աշխատանքին համար՝ յայտնելով, որ ինք յոյս ունի նորանշանակ նախարարին ու կառավարութեան կը փոխանցէ իր ձեռք բերած գիտելիքները՝ որեւէ ծրագիրի վերաբերեալ: <<Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախարարութեան աշխատակիցներուն՝ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար. խումբը շատ արհեստավարժ է: Պարոն Մինասեան նոր մարդ չէ համակարգին մէջ, մեծ յոյս կայ, որ ծրագիրները բնականոն հունով կ՛ընթանան>>, ըսաւ Սուրէն Կարայեան՝ աւելցնելով, որ որեւէ պահու պատրաստ է օժանդակելու իրենց:
Նորանշանակ նախարար Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ վարչապետին կողմէ մատնանշուած հիմնահարցերը պիտի ըլլան իրենց գերատեսչութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններն ու ամէնօրեայ գործունէութեան առանցքը: <<Հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը որպէս կեդրոնական քաղաքականութեան մաս կը դառնայ ամէնօրեայ, բոլոր ծրագրային մօտեցումներուն մէջ: Մեզ կը սպասէ թէժ ու լաւ շրջան, մենք յառաջիկային կը ներկայացնենք տնտեսական պլոքի ծրագիրը, այնտեղ յեղափոխական մօտեցումներ կան, կը խնդրենք, որ աջակցութիւնը ըլլայ ամբողջական>>, ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ