Շնորհակալութիւն որ զրոյից նախարարութիւն ստղծեցիք - Նիկոլ Փաշինեան

By Asbarez | Thursday, 17 May 2018

0517diaspora

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 16 Մայիսին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

Վարչապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ ըսելով. <<Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տասը տարիներու ձեր տարած աշխատանքին համար եւ փաստօրէն <<զրոյից նախարարութիւն ստեղծելու համար>>>>:

Հրանոյշ Յակոբեան, իր հերթին, շնորհաւորեց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, նաեւ անոր ծննդեան տարեդարձը (նոյն օրը Մխիթար Հայրապետեանի տարեդարձն էր, որուն մասին տեղեկանալը անակնկալ էր նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար)՝ նշելով, որ իրեն կը յանձնէ արդէն կայացած, մեծ աշխատանք տարած ու բազաթիւ յաջող ծրագրեր իրականացուցած նախարարութիւնը: Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց երիտասարդ նախարարներու ներգրաւումը կառավարութեան կազմին մէջ նշելով, որ երիտասարդ տարիքը խոչընդոտ չի կրնար հանդիսանալ լաւ աշխատանքին, եւ որ ինք նոյնպէս այդ տարիքին եւ աւելի շուտ ստանցնած է պատասխանատու պաշտօններ: Ապա, ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նախարարութեան աջակիցը դառնալու:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանին նախարարութիւնը հիմնելուն համար՝ նշելով. <<Ես պատրաստ եմ ագահաբար ձեր աջակցութենէն օգտուելու>>:

Ապա Հրանոյշ Յակոբեան առանձին հանդիպումով հրաժեշտ տուաւ իրեն մտերիմ դարձած նախարարութեան աշխատակազմին՝ ըսելով, որ նախարարները անցողիկ են, կարեւորը գործն է եւ այդ ճանապարհին սեփական դէմքը չկորսնցնելու բարդ կարողութիւնը: Ան յորդորեց շարունակել լաւ աշխատիլ եւ աջակցիլ, որ նախարարութիւնը շարունակէ իր բուռն գործունէութեամբ ծառայել Սփիւռքի հարցերու լուծման:

 


comments