«Դաշնակցութիւնը Այնտեղ Է, Որտեղ Հայոց Պետականութիւնն Է». Արծուիկ Մինասեան

By Asbarez | Tuesday, 22 May 2018

0522ardzvik

ԵՐԵՒԱՆ,<<Երկիր>> - Երկուշաբթի, 21 Մայիսին, լրագրողներու հետ կարճ զրոյց ունեցաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան:

Նախարարը նշեց, որ բոլոր այն ծրագիրները, որոնք արդիւնաւէտութեամբ բարձր են եւ կը միտին Հայաստանի մէջ մրցունակ տնտեսութեան արդար կարգերու հաստատման, պիտի պահպանուին, սակայն այդ բոլորին զուգահեռ մեծածաւալ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին:

Հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ՀՅԴէն երկարատեւ համագործակցութիւն ակնկալել ներկայ կառավարութեան հետ՝ Արծուիկ Մինասեան պատասխանեց. <<Դաշնակցութիւնն այնտեղ է, որտեղ հայոց պետականութիւնն է>>:

 

comments