ԱԱԾն Կը Խոստանայ Կաշառակերութեամբ Հարստացած Մարդոց Բացայայտում

By Asbarez | Tuesday, 22 May 2018

0522vanetsian

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կ՛իրականացնէ աշխատանք՝ կաշառակերութեան շղթաներու յայտնաբերման ուղղութեամբ: Լրատուամիջոցներու ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին, ըստ <<Արմէնփրէս>>ի, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան: <<Կարճ ժամանակի ընթացքին ականատես պիտի ըլլանք մեծ կաշառակերութեան գծագիրներով հարստացած մարդոց յայտնաբերման եւ օրէնքի ուժով պատասխանատուութեան ենթարկման: Ասիկա չի նշանակեր, որ պիտի երթանք ճնշումներու եւ վրէժխնդրութեան: Իւրաքանչիւր գործ իւրաքանչիւր անձի վերաբերեալ պիտի ըլլայ հրապարակային, որպէսզի ոեւէ մէկուն համար կասկած չհարուցէ, որ տուեալ անձը պետութենէն գումար գողցած է եւ հարստացած է: Մօտեցումս այն է, որ ապօրինի հարստացած մարդիկ վերադարձնեն գումարները պետական պիւտճէ, այլ ո՛չ թէ երթան, նստին բանտերու մէջ>>, ըսաւ Վանեցեան:

ԱԱԾ տնօրէնը նաեւ յայտարարեց, որ ներքաղաքական փոփոխութիւններէն ետք աւանդականօրէն փտած համարուող հիմնարկները ամբողջութեամբ դադրեցուցած են հակաօրինական գործունէութիւնը՝ մանրամասնելով, որ խօսքը մաքսային, հարկային, դատական եւ ոստիկանութեան որոշ ստորաբաժանումներու մասին է:

Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ կան շուրջ 350 անձեր, որոնք տեղեակ չեն, որ իրենց անունով արձանագրուած է կազմակերպութիւններ, որոնք կ՛իրականացնեն տնեսական գործունէութիւն եւ չեն վճարեր հարկեր: <<Անոնք տեղեակ չեն, ծանր հասարակական վիճակի մէջ գտնուող մարդիկ են, որոնցմէ անձնագիրները վերցուցած են 5, 10, 20 հազար դրամով եւ անոնց անունով արձանագրած են անհատ ձեռնարկութիւններ, ընկերութիւններ եւ այլն>>, ըսաւ Վանեցեան՝ խոստանալով բացայայտումները հանրութեան ներկայացնել շուտով:

Վանեցեան աւելցուց, որ ԱԱԾի աշխատանքներուն շնորհիւ, բաւական մեծ գումարներ պիտի վերադարձուին պետական պիւտճէ, որուն հաշիւին հնարաւոր պիտի ըլլայ այս տարի պետական համակարգի որոշ պարգեւավճարներ ապահովել, իսկ յաջորդ տարի արդէն ստուերի լուրջ կրճատման շնորհիւ մուտքերը անհամեմատօրէն պիտի աւելնան, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ բարձրացնելու աշխատավարձերը: <<Քաղաքական ղեկավարութիւնը ուղիներ կը փնտռէ պետական հիմնարկի աշխատակիցներու աշխատավարձերը բարձրացնելու>>, նշեց ԱԱԾ պետը:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement