ՀՅԴ-ի Մեծ Ընտանիքը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը Նշեց Ապարանի Եւ Վանաձորի Մէջ

By Aztag Daily | Monday, 28 May 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող մեծաթիւ սփիւռքահայեր, ինչպէս նաեւ հայաստանցիներ 27 մայիսին միացան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպած այցելութիւններուն` դէպի Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերու յուշահամալիրներ:

Առաւօտեան ժամը 9:30-ին Երեւանէն մասնակիցները ուղղուեցան Ապարան, ուր քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Բաշ Ապարանի յուշահամալիր, որմէ ետք անոր մօտակայքը գտնուող Դրոյի շիրմաքարին շուրջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի:

Անկէ ետք մասնակիցները ուղղուեցան Վանաձոր, ուր Ղարաքիլիսէի հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրին առջեւ արտասանուեցան Մայիս 28-ի խորհուրդին անդրադարձող եւ այս անկախութեան կարեւորութիւնը շեշտող խօսքեր: Անկէ ետք կրկին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի:

Ապա պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Վանաձորի վերանորոգուած գրասենեակին, որուն համար յատկացում կատարած էր ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն:

Յայտնենք, որ այսօր` մայիս 28-ին, ժամը 18:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն շրջագիծին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէ քայլերթ` Մատենադարան-Մաշտոցի պողոտայ-Ազատութեան հրապարակ-Հիւսիսային պողոտայ-Հանրապետութեան հրապարակ երթուղիով: Ազատութեան հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ հաւաք եւ օրուան խօսքերու ունկնդրութիւն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement