Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Ձերբակալած Է Թմրամիջոցներու Մաքսանենգներ

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0615drugsmuggling

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցներու կողմէ իրականացուած հետախուզական միջոցառումներու եւ քննչական գործողութիւններու շնորհիւ՝ ձերբակալուած են խումբ մը անձեր, որոնք զբաղուած են մեծ քանակով թմրամիջոցներու մաքսանենգութեամբ  եւ ապօրինի տարածումով:

ԱԱԾի մամլոյ կեդրոնը կը հաղորդէ, որ Իրանի քաղաքացի Ա.Կ.ը, 7 Յունիս 2018ին, Մեղրիի անցակէտով մուտք գործելով Հայաստան՝ ուղեւորուած է հայ-իրանեան սահմանի՝ նախապէս պայմանաւորուած հատուածը, ուր Իրանի կողմէն սահմանը հատած յանցակիցը անոր փոխանցած է շուրջ 4 քիլոկրամ ափիոն տեսակի եւ շուրջ 6 քիլոկրամ հերոյին տեսակի թմրամիջոցներով 5 ծրարներ: Այնուհետեւ վաճառելու նպատակով ծրարները փոխադրած է դէպի Գորիս՝ նախապէս պայմանաւորուած վայրը պահելու եւ պատուիրատուին փոխանցելու մտադրութեամբ, սակայն ճանապարհին՝ Կապանի մէջ, ձերբակալուած է ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէ: ԱԱԾ աշխատակիցները նոյն օրը դարանակալած եւ ձերբակալած են նաեւ թմրամիջոցներու յիշեալ խմբաքանակը վերցնելու համար նշուած վայր ժամանած Հայաստանի քաղաքացի Գ.Ս.ը:

 

comments