Արցախի Կայունութիւնը Ամէն Ինչէ Վեր է. Հայաստանի Նախագահ

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0614armensarkissian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին տեղի ունեցաւ Արցախ ժամանած Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի միջեու պաշտօնական հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Արցախ փոխգործակցութեան առընչուող զանազան հարցեր: Հանդիպումէն ետք Հայաստանի նախագահը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

Արմէն Սարգսեան նշեց, որ շատոնց կը ծրագրէր քանի մը օրով իր ընտանիքի անդամներուն հետ այցելել Արցախ եւ անոնց ցոյց տալ մեծ մօր՝ Սաթենիկ մայրիկի ծննդավայրը՝ Ասկերանի շրջանի Հարաւ գիւղը:

0614armensarkissian2

<<Այնպէս եղաւ, որ այսօր եկած եմ կարճ այցելութեամբ, որպէսզի հանդիպիմ Արցախի նախագահին հետ եւ ըլլամ Արցախի կողքին: Ապրիլ-Մայիսին, երբ Հայաստանի մէջ սկսած էր թաւշեայ յեղափոխութեան գործընթացը, յաճախ Երեւան կը ժամանէր Բակօ Սահակեան եւ իր ներկայութեամբ բոլորիս կը յիշեցնէր, որ ազգային շահերը վեր են ամէն ինչէ: Բոլորս պէտք է ուշադիր ըլլանք, որպէսզի ծաւալող իրադարձութիւնները որեւէ ձեւով չանդրադառնան Արցախի կայունութեան եւ անվտանգութեան: Իմ պարտքը կը համարեմ այսօր գտնուիլ Արցախ, սակայն առանց փափաք ունենալու՝ խառնուելու Արցախի ներքաղաքական կեանքին: Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ Արցախը, իսկապէս, կայացած պետական միաւոր է, երկիր, որ ունի ժողովրդավարական հիմնարկներ, ընտրուած խորհրդարան եւ նախագահ, ինչպէս նաեւ մարդիկ, որոնք ո՛չ միայն հպարտ են արցախցի ըլլալով, այլ որովհետեւ ունին կայացած պետութիւն: Յոյս ունիմ, որ գոյութիւն ունեցող հարցերը կը լուծուին կարելի եղածին չափ արագ, որովհետեւ Արցախի կայունութիւնը վեր է ամէն ինչէ>>, յայտնեց նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանը եւ Սփիւռքը ուշադիր կը հետեւին արցախեան իրադարձութիւններուն:

<<Արցախը մեր ժողովուրդին համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի: Մենք որեւէ ձեւով իրաւունք չունինք պարտութիւն ունենալու այս հարցով: Վստահ եմ, որ բոլոր հարցերը պիտի գտնեն լուծումներ>>, եզրափակեց Ա. Սարգսեան:

Նշենք որ  Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Չորեքշաբթի առաւօտեան այցելեց Դադիվանք:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ուղեկցութեամբ՝ նախագահը շրջայց կատարեց հնագոյն վանական համալիրին մէջ, այնուհետեւ շփուեցաւ այնտեղ գտնուող զբօսաշրջիկներու եւ այցելուներու հետ:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement