Հայաստանի Կառավարութիւնը Անվերապահօրէն Կ՛աջակցի Բակօ Սահակեանի Քաղաքական Ուղղութեան

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0619pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Շաբաթ, 16 Յունիսին Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ  Սահակեանի հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ երկու հայկական պետութիւններու զանազան նախարարութիւններու ղեկավարներ:

Վարչապետ Փաշինեան նախ շնորհաւորեց Արցախի կառավարութեան նոր նշանակուած անդամները իրենց պաշտօններունները ստանձնելնուն առիթով եւ ընդգծեց, որ կ՛ողջունէ եւ կարեւոր կը նկատէ իրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ իրականացնելու Բակօ  Սահակեանի պատրաստակամութիւնը: <<Կ՛ուզեմ այդ հարցով յայտնել մեր անվերապահ աջակցութիւնը Արցախի մեր գործընկերներուն եւ անձամբ նախագահ Բակօ Սահակեանին: Հայաստանի կառավարութիւնը անվերապահօրէն կ՛աջակցի ձեր բռնած քաղաքական ուղղութեան>>, ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան հայկական երկու պետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան եւ անոր ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցերու: Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետը եւ Արցախի նախագահը քննարկեցին բանակաշինութեան, տնտեսութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերող հարցեր՝ կարեւոր նկատելով փորձառութեան փոխանակումը եւ աւելի սերտ գործակցութիւնը համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ:

Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելեց պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ ծառայողական խորհրդակցութիւն, իսկ Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեան հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցեց բանակաշինութեան ընթացիկ հարցերուն մասին:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուաեցան Հայաստանի եւ Արցախի զինուորական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ թշնամին զսպելու մեքանակառոյցներու կատարելագործման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նոյն օրը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեցին Արցախի արեւելեան սահմանագիծ: Անոնք ծանօթացան զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement