Հայաստանի Ոստիկանները Յայտնաբերած Են Զինուորի Բաժին Գրութեամբ Միսի Պահածոներով Ինքնաշարժներ

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0620nazikamiryan

Նազիկ Ամիրեան

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի ոստիկանութեան Կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան ծառայողները 18 Յունիսին ստացան շտապ տեղեկութիւններ, որ Երեւանի Սողոմոն Տարօնցի 22 հասցէի ինքնաշարժի կայանատեղիին մէջ կայանուած են «Ուազ» եւ «ԳԱԶ» վաճառանիշով ինքնաշարժներ, որոնք բեռնուած են միսի պահածոներով:

Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն տեղեկացուցին, թէ նշուած ինքնաշարժներու վարորդները, որոնք ԵԿՄ անդամներ են, նոյն ինքնաշարժներով տեղափոխուած են ոստիկանութեան Կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութիւն: Մեքենաները զննելով՝ յայտնաբերուած են ընդհանուր 2980 հատ <<Վաճառքի ենթակայ չէ. զինուորի բաժին>> գրութեամբ միսի պահածոներ: Վարորդները յայտնեցին, որ 16 Յունիսին, Արշակունեաց 22 հասցէին վրայ գտնուող ԵԿՄ վարչութեան շէնքէն իրենք պահածոները բեռնած են Նազիկ Ամիրեանի ցուցմունքով: Հանգամանքները պիտի պարզուին:

Նազիկ Ամիրեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի կինն է:

0620zinvoripazhin

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement