Եթէ Այս Բոլորը Հաստատուին, Խայտառակութիւն Է Ու Ամօթ - Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0619armenrustamian

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով Ազգային ժողովի ՀՀԿական պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի տան մէջ ԱԱԾ խուզարկութեան, Ազգային ժողովին մէջ իր ունեցած ճեպազրոյցներու ընթացքին յայտնեց, որ եթէ այս բոլորը հաստատուին, խայտառակութիւն է ու ամօթ:

<<Այս այն դէպքն է, որ մարդ իր աչքին տեսածին չի հաւատար: Եթէ այս բոլորը այնպէս են, ինչպէս տեսանք, ուրեմն մեկնաբանութեան կարիք ալ չունին: Ես աւելի մեծ վտանգներ կը տեսնեմ. ատրպէյճանական համայնքը արտակարգ հրճուանքի մէջ յայտնուած է եւ կը փորձէ այս մէկը օգտագործել: Մանուէլ Գրիգորեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Արցախեան ազատամարտին մէջ, ազատագրած է տարածքներ: Ինչպէ՞ս պէտք է ներկայացնեն զայն. Արցախի հերոս է, ինչպէ՞ս պէտք է փորձեն վարկաբեկել՝ այս է իմ ամենամեծ ցաւը: Այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի կարենանք մարսել>>, ըսաւ ան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ նախ եւ առաջ, կատարողները պէտք է պատասխան տան փոքրերուն: <<Ինչո՞ւ այդ նամակները կը գտնուին այդտեղ, այս բոլորին տրամաբանական բացատրութիւն չի կրնար տրուիլ: Կը ցաւիմ: Ապշած, ցնցուած եմ ըսելը շատ քիչ է>>, աւելցուց ան:

Ըստ պատգամաւորին՝ զգացական մասը իր տեղը ունի, բայց օրինականութիւնը պէտք է պահպանուի: <<Նիւթերը աւելի խորունկ կերպով կ՛ուսումնասիրենք. այս պահուն աձեռնմխելիութիւն կայ, կայ նաեւ անմեղութեան կանխավարկած: Այս բոլորը նկատի պիտի ունենանք: Ասիկա շատ մեծ հարուած էր մեր անցած համատեղ գործունէութեան, յարաբերութիւններուն: Կը կարծեմ, որ պէտք է չընենք այնպէս, որ փորձ կատարուի թշնամիներուն կողմէ այս բոլորը ներկայացնելու իրենց օգտին>>, յայտնեց ան:

Ռուստամեան շեշտեց, որ տարիներ շարունակ անձեռնմխելի անձեր ստեղծած են անձեռմխելի տարածք, ուր ոչ ոք կրցած է մուտք գործել: <<Այս փոփոխութիւններուն համար ուրախ եմ, ոեւէ մէկը չի կրնար խուսափիլ ժողովուրդէն>>, ըսաւ ան:

Պատգամաւորը ընդգծեց, որ իրենք փակ հանդիպումներու ընթացքին քննարկած են բանակի ուտելիքին ու հանդերձանքին հետ կապուած հարցեր: <<Գացինք առաջնագիծ, տեսանք ուտելիքը. այդ ուտելիքը կը բանային ու կը նետէին շուներուն դէմը, շուները չէին ուտեր: Էթիքեթները բերինք ու այստեղ ներկայացուցինք: Յարգելով այդ փակ հանդիպումի պարունակութիւնը՝ բոլոր մանրամասնութիւնը չեմ ուզեր ըսել, առիթ ունեցաննք խօսելու բանակի հանդերձանքին, ուտելիքին եւ այլ պայմաններուն մասին: Այս բոլորը ներկայացուած են, որմէ ետք փոփոխութիւններ տեղի ունեցած, բայց երբ նման երեւոյթներու կը հանդիպինք… Ճիշդ կ՛ըլլայ, որ այս բոլորը տեղը դնելու գործընթացը իր վերջնական նպատակին հասցնենք>>, յայտնեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մանուէլ Գրիգորեանը պէ՞տք է զրկել Արցախի հերոսի կոչումէն, Ռուստամեան ըսաւ, որ մարդիկ ինչ կատարած են անցեալին, անոնց գնահատականը պէտք է ստանան անցեալին, ինչ կը կատարեն ներկայիս, գնահատականը պէտք է ստանան ներկայիս: <<Ամէն ինչ պէտք չէ խառնել իրար, մենք ալ ունեցած ենք ազգային հերոսներ, որոնք յայտնուած են ճաղերու ետեւ: Մենք, բնականաբար, պէտք է իրերը իրենց անունով կոչենք եւ ծայրայեղութեան չուղղուինք>>, ըսաւ ան:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement