Նիկոլ Փաշինեան Կը Հիմնաւորէ Արտահերթ Ընտրութիւնները Մէկ Տարիէն Իրականացնելու Որոշումը

By Asbarez | Saturday, 23 June 2018

0623nikolpashinian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  <<Միր>> պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները մէկ տարիէն իրականացնելու որոշման:

Վարչապետը ընդգծեց, որ այդ քայլին գացած են միւս քաղաքական ուժերուն ժամանակ տալու համար:

<<Մեր գլխաւոր նպատակն է եղել հաւասար պայմաններ ստեղծել բոլոր քաղաքական ուժերի համար, քանի որ քաղաքական ուժերի մեծ մասը ընդհանրապէս չէին սպասում, որ նման բան տեղի կ՛ունենայ Հայաստանում: Մենք, իհարկէ, ցանկանում ենք յաղթել ընտրութիւններում, եւ մենք կ՛աշխատենք այդ ուղղութեամբ, պարզապէս մենք ցանկանում ենք նաեւ ժամանակ տալ միւս կուսակցութիւններին, որպէսզի նրանք հնարաւորութիւն ունենան պատրաստուել ընտրութիւններին>>, ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ կաշառակերութեան հարցին՝ նշելով, որ անիկա գլխաւոր դժբախտութիւններէն եւ հարցերէն մէկն է, որ թոյլ չէ տուած Հայաստանին զարգանալու այնպէս, ինչպէս հնարաւոր էր:

<<Իհարկէ, մենք կը շարունակենք այդ պայքարը, եւ իհարկէ, համոզուած եմ, որ մենք մեծ արդիւնքներ կ՛ունենանք: Այս ամբողջ ընթացքում դրական եւ մեծ փոփոխութիւնների յաղթանակը մարդկանց գիտակցութեան մէջ է: Կարծում եմ, որ այս գործընթացն արդէն անդառնալի է>>, ըսաւ Փաշինեան:

 

comments