Գիւմրիի Մէջ Տեղադրուեցաւ Գըրգ Գըրգորեանի Յուշարձանը

By Asbarez | Thursday, 28 June 2018

0626krikorian

ԳԻՒՄՐԻ - Գիւմրիի Աբովեան փողոցին վրայ, 24 Յունիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր արձանի տեղադրման նախաձեռնութեան հեղինակ, ծնունդով գիւմրեցի, ամերիկաբնակ գործարար Գրիգոր Պետիրեան: Արձանի բացման պատիւը տրուեցաւ Սամուէլ Բալասանեանին եւ նախաձեռնութեան հեղինակին:

Նշենք, թէ Գիւմրիի քաղաքային իշխանութիւնները նպատակ ունին Աբովեան փողոցը յետագային անուանել Գըրգ Գըրքորեանի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ <<Արմէնփրէս>>ը:

Քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան խօսեցաւ արձանի եւ անոր տեղադրման նախաձեռնութեան մասին, ապա անդրադարձաւ Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեանի գործունէութեան, Գիւմրիի մէջ ունեցած ներդրումին. <<2800 բնակարան կառուցուած է <<Լինսի>> հիմնադրամին միջոցներով. ճանապարհներ, մշակութային օճախներ, տարբեր ձեռնարկներ, որոնք իրականացած են <<Լինսի>> հիմնադրամին միջոցներով: Այս բոլորին համար գիւմրեցին իր երախտիքի խօսքը պէտք է ըսէր եւ ըսաւ>>, նշեց Սամուէլ Բալասանեան:

Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկաբնակ Գրիգոր Պետիրեանին՝ արձանի տեղադրման նախաձեռնութեան համար:

Ողջունելով իր հայրենակիցները՝ Գրիգոր Պետիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց լուման ներդրած են արձանի տեղադրման գործին մէջ:

Արձանի հեղինակը գիւմրեցի քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանն է, որ իր խօսքին մէջ նշեց. <<Մեր բոլորի նպատակը եղած է երախտապարտ ըլլալ մեր բարերարներուն, յատկապէս Գըրգ Գըրգորեանին, որ այդքան միջոցներ տրամադրեց Գիւմրիի վերականգնման նպատակով>>, նշեց քանդակագործը:

Նշենք, որ Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն օգնութիւն տրամադրելու նպատակով՝ ամերիկահայ միլիառատէրը հիմնեց <<Լինսի>> հիմնադրամը՝ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ներդրելով 220 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն: 73 միլիոն ծախսած է միայն ճանապարհաշինութեան վրայ՝ վերանորոգելով 435 քիլոմեթր պետական նշանակութեան ճանապարհներ. 45 միլիոն տոլար յատկացուցած է երկրաշարժէն աւերուած բնակֆոնտի վերականգման համար, որուն միջոցաւ Շիրակի ու Լոռիի մարզերուն մէջ կառուցուած են 149 շէնքեր՝ 3674 բնակարաններով:

 

comments