ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հրազդանի քաղաքապետ Արամ Դանիէլեան Երկուշաբթի, 25 Յունիսին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Հրազդանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մամլոյ քարտուղար Ալվինա Զաքարեան, անդրադառնալով այս հարցին՝ յայտնեց, որ <<Իր լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադարեցնելու համար Արամ Դանիէլեան հրաւիրել է աւագանու արտահերթ նիստ, որը կը կայանայ Յուլիսի 2ին: Արամ Դանիէլեանը աւագանու անդամներին կ՛առաջարկի կողմ քուէարկել իր հրաժարականին>>:
Արամ Դանիէլեան Հրազդանի քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէր 2002էն ի վեր:

