
By Asbarez | Thursday, 28 June 2018
ԵՐԵՒԱՆ - Ինչպէս տեղեկացուցած էինք նախապէս, կազմուած է Հայաստանի վարչապետին առընթեր Ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումներու յանձնախումբ մը, որ մինչեւ Հայաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը՝ պէտք է զբաղի Ընտրական օրէնսգիրքի բարելաւումով:
Յանձնախումբի քարտուղար Դանիէլ Իոաննիսեան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին նշեց, թէ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ կան 50 յօդուածներ, որոնց մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնները պիտի ըլլան վարկանշային ընտրակարգի բաժինին մէջ:
Յանձնախումբի անդամ Լուսինէ Յովհաննիսեան իր կարգին ներկայացուց ՀՅԴի առաջարկները՝ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու շրջագիծին մէջ: <<Առաջինը՝ վարկանշային ընտրակարգէն հրաժարում եւ համամասնական ընտրակարգի քուէարկութիւն կազմակերպել բաց ցուցակներով՝ ամբողջ հանրապետութիւնը դիտարկելով իբրեւ մէկ ընտրատարածք: Այս ձեւով, պատգամաւորին իրաւականութիւնը կ՛որոշէ ոչ թէ կուսակցութիւնը, այլ՝ ընտրողը>>, ըսաւ ան:
Յովհաննիսեան նաեւ նշեց, որ իրենք ունին կրկնակի քուէարկութիւնը բացառող եւ ընտրողի ընտրական իրաւունքը սահմանափակող համակարգի մշակման շուրջ առաջարկներ, ինչպէս նաեւ՝ ընտրակաշառքի բացառման եւ վարչական միջոցներու կիրառման դէմ առաջարկներ:
<<Առաջարկ ունինք կուսակցութիւններու՝ աւելի պատգամաւորներ ունենալու շեմի վերանայման շուրջ՝ 2/3ը դարձնելու համար 3/5ի>>, աւելցուց ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ