Եթէ Խաղաղ Բնակավայրերի Վրայ Մի Կրակոց Լինի, Իրենց Համար Շատ Վատ Վերջաբան Է Ունենալու - Լ. Մնացականեան

By Asbarez | Thursday, 28 June 2018

0627levonmnatsaganyan

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Երկիր Մեդիա>> - <<Եթէ խաղաղ բնակավայրերի վրայ մի կրակոց լինի, իրենց համար շատ վատ վերջաբան է ունենալու>>, յայտարարեց Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան:

<<Հետք>>ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով սահմանի իրավիճակին՝ Լեւոն Մնացականեան յայտնեց, որ հակառակորդը գործնական վարժութիւններ կ՛իրականացնէ:

<<Վարժում են անձնակազմը, փորձարկում են տեխնիկան, մշակում մարտավարութիւնը: Այս ամէնը յուշում է, որ պէտք է պատրաստ լինել ցանկացած զարգացման>>, ըսաւ Լեւոն Մնացականեան՝ աւելցնելով, որ ատրպէյճանական ուժերը սկսած են նաեւ ճարտարագիտական ստորաբաժանումներու զօրավարժութիւններու, ինչ որ կը թելադրէ, թէ անոնք կը նախապատրաստուին գործողութիւններու: Կատարուած են նաեւ հրասայլային, ճարտարագիտական եւ պահուստային ստորաբաժանումներու զօրավարժութիւններ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ անընդհատ կը հետեւին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու քայլերուն, սակայն հակառակորդի նախայարձակ մտադրութեան մասին կրնան իմանալ ժամերու, այլ ոչ թէ օրերու ընթացքին:

Քանի մը ժամուան տարբերութեամբ Արցախի ԱԱԾի արդէն նախկին պետ՝ հիմա նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Արշաւիր Ղարամեան նոյն նիւթին առնչուող իր <<Ֆէյսպուքի>> էջին վրայ, կրկնելով Լեւոն Մնացականեանի միտքը՝ գրած է. <<Եթէ խաղաղ բնակավայրերի վրայ մի կրակոց լինի, իրենց համար շատ վատ է լինելու>>:

 

comments