Երեւանի Մէջ Տեղադրուեցաւ Արամ Մանուկեանի Արձանը

By Asbarez | Saturday, 30 June 2018

0630Aram
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Արամ Մանուկեանի արձանի հիմնական բաժինը Յունիս 28ին տեղադրուեցաւ նախապէս որոշուած վայրը՝ Արամի եւ Նալբանդեան փողոցներու հատման կէտին վրայ, մեթրոյի <<Հանրապետութեան հրապարակ>> կայարանի վերի տարածքին:

Այս առիթով, խումբ մը երիտասարդներ կատարեցին արդէն գրեթէ պատրաստ արձանին՝ իրենց բնութագրութեամբ՝ ոչ-պաշտօնական բացումը:

<<Ասիկա առաջին օրն է, որ Արամ Մանուկեանի արձանը վեր խոյացած է Հայաստանի մայրաքաղաքի սիրտին մէջ, անոր համար ալ մենք բոլորս պէտք է զիրար շնորհաւորենք եւ ըսենք, որ դեռ կայ Արամի տուն-թանգարանի բացման խնդիրը, դեռ կայ Ա. Հանրապետութեան թանգարան հիմնելու գաղափարը, որուն համար ալ բոլորս պէտք է պայքարինք>>, ըսած են երիտասարդները:

Ճարտարապետ Համլեթ Մարտիրոսեան, անդրադառնալով Քաղաքաշինութեան կոմիտէին տարածած այն յայտարարութեան, թէ՝ հանրային քննարկում կը կատարուի արձանի տեղադրման վայրը որոշելու համար, ըսաւ. <<Բայց չէ՞ որ մրցում յայտարարուած էր, եւ արդէն քաղաքապետարանի աւագանին որոշած էր, որ այս վայրը պիտի կանգնեցուի արձանը: Մրցումի առաջին փուլին ոչ ոք յաղթած էր, երկրորդ փուլին յաղթողը սկսած է իր աշխատանքներուն. աննախադէպ քանդակ է՝ երեք գոյնի քարով: Այսօր նաեւ պրոնզաձուլուածը կը տեղադրուի>>:

Ինչ կը վերաբերի Քաղաքաշինութեան կոմիտէի այն յայտարարութեան, թէ հեղինակային իրաւունքի խախտում կայ՝ Մարտիրոսեան ըսաւ. <<Մեթրոյի համալիրը Ճիմ Թորոսեանի եւ Ռազմիկ Մինասեանի հեղինակածն է՝ 50-50 տոկոսով: Հեղինակներէն մէկը՝ Ռազմիկ Մինասեանը, ողջ է եւ տուած է իր համաձայնութիւնը, իսկ Ճիմ Թորոսեանը ողջ չէ՛: Հեղինակային իրաւունքներու վերաբերող ոչ մէկ խնդիր կայ>>:

 

comments