ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Յունիսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:
Հանդիպման, որուն կը մասնակցէին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, քննարկուեցան արտաքին քաղաքական ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
