By Asbarez | Monday, 16 November 2009

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային Ժողովի դաշնակցական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան երէկ, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին քննադատած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ պատրաստուած պիւտճէն, զայն գնահատելով իբրեւ <<ընդամէնը գոյութիւն պահպանելու>> պիւտճէ:
Ըստ Մինասեանի, երբ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան (ԿԴ) նախագահ Տիգրան Սարգսեան նշանակուեցաւ վարչապետ եւ դրամավարկային քաղաքականութիւնը տեղափոխուեցաւ տնտեսական դաշտ, տնտեսութիւնը կաթուած ստացաւ: Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, ֆինանսական շուկայի հսկողութեամբ պէտք է զբաղի ոչ թէ ԿԴ, այլ որեւէ նորաստեղծ մարմին:
Անդրադառնալով վերջին ամիսներուն հայաստանի մէջ արձանագրուած գնաճին, Արծուիկ Մինասեանը նշած է, որ առաջին պատճառը մենաշնորհներն են, երկրորդը՝ տնտեսութեան մէջ գնաճին հակազդող համակարգերու բացակայութիւնը, եւ երրորդը՝ կառավարութեան անճարակութիւնը, որ չի կրնար ձերբազատուիլ մենաշնորհներէն: Շեշտելով, որ գնաճը արդէն 5% կը կազմէ, պատգամաւորը աւելցուցած է, որ թէեւ կառավարութիւնն ու ԿԴը զսպող քաղաքականութիւն սկսած են վարել, սակայն առնուած քայլերը արհեստական բնոյթ ունին:
Պիւտճէի մասին խօսաելով, Մինասեան յայտնած է, որ այդ փաստաթուղթը, չի բաւարարեր այն պահանջները, որոնք կառավարութիւնը ի սկզբանէ դրած էր իր առջեւ: Դաշնակցական գործիչը յիշեցուցած է, որ համաշխարհային ֆինանասատնտեսական ճգնաժամի սկզբին Հայաստանի վարչապետը համոզում յայտնած էր, թէ Հայաստանը առանձնապէս վնաս պիտի չկրէ, իսկ այժմ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ Հայաստանը, ըլլալով փոքր երկիր, անմիջապէս զգաց ճգնաժամի ծանր ազդեցութիւնը:
Արծուիկ Մինասեանը անդրադարձաւ նաեւ Հայստանի արտաքին պարտքի աւելացման խնդրին, որ արդէն յաջորդ տարուընէ պետութեան համար լրացուցիչ բեռ պիտի դառնայ: Պատգամաւորի մեկնաբանութեամբ, ճգնժամը մեղմելու նպատակով ներգրաւուած միջոցները իրականութեան մէջ տնտեսութեան մէջ չեն ներդրուած: Միժամանակ տոլարի փոխարժէքի ներկայ արդէն նկատուող աճը եւս կրնայ նպաստել երկրի արտաքին պարտքի աւելացման, որ արդէն կը սպառնայ Հայաստանը դասել անվճարունակ երկիրներու շարքին:
<<Պետական բիւջէի նախագծում դրուած է ցուցանիշ. մէկ դոլարը՝ 376 դրամ, սակայն եթէ յանկարծ դոլարը դառնայ օրինակ 425 դրամ, ապա արտաքին պարտքի ցուցանիշը կտրուկ աճելու է եւ գերազանցելու է օրէնքով նախատեսուած 50 տոկոսանոց շեմը>>, զգուշացուցած է Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեանի կանխատեսումով, յաջորդ տարի ԿԴը այս մտվախութեամբ պայմանաւորուած, պիտի վարէ դոլարի առաւելապէս անփոփոխ քաղաքականութիւն, յայտարարուած լողացողի փոխարէն: Իսկ այս քաղաքականութիւնը նաեւ արտարժոյթի պետական պահուստներէն յաւելեալ ծախս կ՛ենթադրէ:
Լրագրողներու խնդրանքով, Արծուիկ Մինասեան նաեւ մեկնաբանած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթի դաշնակցութեան վերաբերող հատուածը:
<<Առաջին նախագահի երէկուայ արտայայտած միտքը պարզ գործարքի առաջարկ էր իշխանութիւններին: Եւ այն տանում է ընդդիմութիւնը թուլացնելուն, եւ ոչ թէ ընդդիմադիր դաշտը ուժեղացնելուն, բեւեռացնելուն: Սա հարուած էր ընդդիմադիր դաշտին եւ դրանից տուժելու է ժողովուրդը, ընդդիմութիւնը, իսկ իշխանութեան ձեռքերն աւելի ազատ են լինելու հայ-թուրքական յարաբերութիւնների գործընթացը շարունակելու հարցում>>, յայտնած է Մինասեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ