Արցախի Նախագահը Ընդունեց Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Նախարար Արթուր Խաչատրեանը

By Asbarez | Sunday, 08 July 2018

0707arthur

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեանը եւ նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Մակարեան:

Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութռան գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեան, քննարկուեցան գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու պետութիւններուն համագործակցութեան առնչուող հարցեր:


comments