Վարչապետի Միջնորդութիւնը Յաջողութեան Չհասաւ Ամուլսարի Հանքի Վէճին Հարցով

By Asbarez | Sunday, 08 July 2018

0707amoulsar1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Ուրբաթ, 6 Յուլիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կապանէն ուղեւորուեցաւ Ջերմուկ: Վարչապետը ուղղաթիռով Հայկական բնապահպանական ճակատի ներկայացուցիչ Լեւոն Գալստեանի ու <<Լիդիան Արմէնիա>> ընկերութեան  գործադիր տնօրէն Հայկ Ալոյեանի հետ հետեւեցաւ Ամուլսարի հանքի շահագործման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, այնուհետեւ Կեչուտ գիւղին մէջ հանդիպեցաւ Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ բողոքող բնակիչներուն ու բնապահպաններուն, լսեց անոնց կարծիքներն ու դիտարկումները:

Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ իր այցը ունի փաստահաւաք նշանակութիւն: Հանդիպման ընթացքին վարչապետը առաջարկեց հանդիպում կայացնել բողոքող ցուցարարներուն եւ հանքը շահագործող <<Լիդիան Արմէնիա>> ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ, լսել կողմերուն դիրքորոշումները եւ յանգիլ որոշումներու: Կողմերը դրական արձագանգեցին վարչապետի առաջարկին:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուեցաւ Ջերմուկի մէջ: Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ հանքի շահագործման գործընթացը սկսած է 12 տարի առաջ. եթէ բոլոր գործընթացները տեղի ունենային գործող կառավարութեան օրօք՝ ինք չէր փափաքեր, որ այսպիսի հանք գոյութիւն ունենար Ջերմուկի մօտակայքը:

 

<<Ունենք իրավիճակ, երբ կատարուել է ահռելի ծաւալի ներդրում, որը դէ իւրէ տեղի է ունեցել ՀՀ կառավարութեան թոյլտուութեամբ, յամենայն դէպս, գոնէ այս պահին չունենք տեղեկատուութիւն, որ ինչ-որ կարգ է խախտուել: Հանքի շահագործման հետ կապուած սկսուել են ստուգումներ, որոնք կը շարունակուեն: Պէտք է պատասխանենք երկու հարցի. առաջին՝ պարզել հանքի հնարաւոր ազդեցութիւնը ջրային ռեսուրսների վրայ, երկրորդը՝ պարզել հանքի հնարաւոր շահագործման ազդեցութիւնը Ջերմուկի՝ որպէս առողջարանային քաղաք զարգացման վրայ>>, ըսաւ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց, որ ի սկզբանէ ինք ըսած է, թէ հանքին հետ կապուած որոշումները պէտք է հիմնուած ըլլան բացառապէս փաստերու, այլ ոչ թէ զգացումներու վրայ:

0707amoulsar

Ըստ կառավարութեան ղեկավարին՝ գոյութիւն ունի իրաւական վիճակ, ուր իւրաքանչիւր հանգուցալուծում ունի իր հնարաւոր զարգացումները:

<<Եթէ մենք այս իրավիճակում որեւէ ապօրինութիւն թոյլ տանք՝ գոնէ միջազգային յարաբերութիւնների տեսակէտից կարող ենք շատ բարդ խնդիրների առաջ կանգնել: Պէտք է հասկանանք հետեւեալը՝ համաձա՞յն ենք արդեօք ի գիտութիւն ընդունել փորձագիտական դէ իւրէ պատասխանները վերը նշուած հարցերի շուրջ: Ցանկացած որոշում պէտք է կայացնենք փաստերի հիման վրայ: Յոյս ունեմ, որ ներկաները համոզուած են, որ մենք, եւ կոնկրետ ես, այս հարցում չունենք ոչ մի այլ շահագրգռութիւն՝ բացի Հայաստանի հաւասարակշռուած շահը>>, ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը առաջարկեց վերը նշուած երկու հարցերուն շուրջ պետութեան, բնապահպաններու եւ <<Լիդիան Արմէնիա>> ընկերութեան ներկայացուցիչներուն ներգրաւումով ստեղծել վստահելի եռակողմ կազմագործիք, որպէսզի անոնց վերաբերեալ տրուի վերջնական ու անառարկելի պատասխան: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ իր կարծիքը պէտք է ձեւաւորուի այս երկու հարցերու փորձագիտական, հիմնաւորուած եւ ապացուցուած պատասխաններու վրայ:

Վարչապետի առաջարկին հետ կապուած բողոքող քաղաքացիները նշեցին, որ պատրաստ են նման կազմագործիք ստեղծելու, եթէ <<Լիդիան Արմէնիա>>ն ուսումնասիրութեան ընթացքին դադարեցնէ գործունէութիւնը:

<<Լիդիան Արմէնիա>>յի ներկայացուցիչները նշեցին, որ նոյնպէս պատրաստ են ընդունելու վարչապետի առաջարկը, սակայն իրենց համար ընդունելի չէ այդ ընթացքին գործունէութիւնը կասեցնելու առաջարկը: Տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց, որ պետութիւնը կը հաւաքագրէ հանքի շահագործման հետ բոլոր փաստերը ու կ՛արտայայտէ իր դիրքորոշումը:

 

 


comments