Կալանաւորուեցաւ Գագիկ Ծառուկեանի Թիկնազօրի Պետ Էդուարդ Բաբայեանը

By Asbarez | Sunday, 08 July 2018

0707bodyguard

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հինգշաբթի, 5 Յուլիսին, Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը Ոստիկանութեան պետական պահպանութեան գլխաւոր վարչութեան աշխատակից, Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահի օգնական, <<Բարգաւաճ Հայաստան>> կուսակցութեան (ԲԺԿ) նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի պետ  Էդուարդ Բաբայեանը մեղադրեց յանցաւոր արարքի կատարման մէջ. վերջինս հարուածներ հասցուցած եւ դիտաւորութեամբ կեանքին վտանգ սպառնացող ծանր վնաս հասցուցած է Վեաչեսլաւ Յարութիւնովին:

Բաբայեան Ուրբաթ օր կալանքի ենթարկուած է:

Վեաչեսլաւ Յարութիւնովի որդին 2012ին տեղի ունեցած բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեանութեան ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ դարձաւ աշխարհի ախոյեան:

Այս առթիւ, Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան Վեաչեսլաւ Յարութիւնովին խոստացած էր օժանդակել անոր զաւակին ժամկէտային զինուորական ծառայութենէն ազատելու հարցով:

2 Յուլիս 2018ին, Ողիմպիական մարզահամալիրի մէջ, Գագիկ Ծառուկեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած Հայաստանի բռնցքամարտիկներու միութեան ժողովի աւարտէն ետք, Վ. Յարութիւնով մօտեցած է Գագիկ Ծառուկեանին՝ դարձեալ յիշեցնելով իր զաւակին հարցը կարգաւորելու վերաբերեալ անոր տուած խոստումը: Խօսակցութիւնը շարունակուած է մարզահամալիրի հանդիպումներու դահլիճին մէջ, ուր Էդուարդ Բաբայեան խումբով, Վ. Յարութիւնովին մարմնական վնասուածքներ պատճառելու դիտաւորութեամբ, հարուածներ  հասցուցած է անոր մարմինի տարբեր մասերուն՝ վերջինիս պատճառելով կեանքին վտանգ սպառնացող ծանր վնաս:

 

comments