By Asbarez | Sunday, 08 July 2018
ԵՐԵՒԱՆ - ՀՅԴն կ՛առաջարկէ հրաժարիլ վարկանշային-տարածքային ընտրակարգէն եւ անցնիլ բաց ցուցակներով համապետական համամասնական ընտրութիւններու: Այս մասին Չորեքշաբթի, 4 Յուլիսին, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման հարցին շուրջ ձեւաւորուած Ազգային ժողովի աշխատանքային խումբի առաջին նիստին ընթացքին նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ ՀՅԴն ունի 10 առաջարկ:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ տարածքային ցուցակներով ընտրութիւններու պարագային, շատ ձայն ստացած անձը կրնայ պատգամաւորական աթոռ չունենալ, իսկ քիչ ձայն ստացած անձը ունենալ, որուն ականատեսը եղած ենք անցեալ ընտրութիւններուն ընթացքին:
<<Փակ ցուցակներով ընտրութիւնը նոյնպէս համամասնական է, բայց նուազ ժողովրդավարական է, որովհետեւ ընտրողը կ՛ընտրէ միայն կուսակցութիւնը: Այսինքն, եթէ կուսակցութիւնը ստացաւ 10 պատգամաւորական աթոռ, կուսակցութիւնը կ՛որոշէ, թէ յատկապէս ո՛ր 10 անձերը պիտի ըլլան պատգամաւորները: Բաց ցանկերու պարագային, ընտրողին առիթ կը տրուի ո՛չ միայն ընտրել կուսակցութիւնը, այլեւ ինք կ՛որոշէ, թէ յատկապէս որո՞ւն կ՛ուզէ, որ պատգամաւորական աթոռ ունենայ այդ կուսակցութենէն: Ասիկա ժողովրդավարութիւն կ՛ապահովէ նաեւ կուսակցութիւններուն մէջ>>, ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան յանձնախումբերը պէտք է ըլլան այն ձեւաչափերը, որոնք կ՛որոշեն, թէ ո՛ր նախագիծը պիտի մտնէ Ազգային ժողով, եւ զայն պէտք է իբրեւ ելակէտ ընդունիլ:
<<Առանձին քննարկումներէ ետք տուեալները կ՛ամփոփենք, այն, ինչը ընդունելի է, կ՛ընդունինք, այն, ինչը ընդունելի չէ, չենք ընդունիր, ապա կ՛ուղարկենք Վենետիկի յանձնաժողով, ուր եզրակացութիւնը կը յղկեն, եւ վերջնականը կը ներկայացնենք Ազգային ժողով՝ շրջանառութեան մէջ դնելով>>, ըսաւ ան:
Ռուստամեան նշեց, որ այս ձեւաչափով համաձայնեցուած աշխատելով, բոլոր շահագրգիռ ուժերուն կարելիութիւն կը տրուի առաջարկներ ներկայացնելու:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ