By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Յուլիս 8ին Երեւանը դարձաւ համաշխարհային ֆութպոլի առասպելական անուններու հաւաքատեղի, ուր կայացաւ երկար սպասուած վեթերաններու խաղը՝ Եւրոպա ընդդէմ Հարաւային Ամերիկա։
Մրցումը կայացաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ։ Խաղին ընթացքին արձանագրուեցան 7 կօլեր։ Հանդիպման մասնակցեցան առասպելական ֆութպոլիստներ, ներառեալ՝ Ռիվալտօ, Հերնան Քրեսփօ, Կապրիէլ Պաթիսթութա, Տիտա, Քաֆու, Իվան Սամորանօ, Ժուլիանօ Պելեթի, Սերժինիօ, Եուրի Ճորքայէֆ, Եարի Լիթմանեն, Հրիսթօ Սթոյիչքով, Տեմեթրիօ Ալպերթինի, Ռայըն Կիկս եւ Խավիէր Սավիոլար։ Իբրեւ Հարաւային Ամերիկայի խումբի մարզիչ հանդէս եկաւ պրազիլցի աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Ռոնալտօ, իսկ Եւրոպայի խումբի մարզիչն էր Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին աստղերէն՝ Փաուլօ Մալտինի։
Մրցումի երկրորդ կիսախաղին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը։
Խաղը աւարտեցաւ Հարաւային Ամերիկայի խումբի յաղթանակով՝ 5-2։ Ռոնալտոյի խումբէն կօլի հեղինակ դարձան Պաթիսթութա, Պեպեթօ, Սաւիօլա, իսկ զոյգ կօլեր արձանագրեց Ռոսարիօ։ Եւրոպայի խումբէն կօլեր արձանագրեցին Եուրի Ճորքայէֆն ու Լուիս Ֆիկօն։
Խաղին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի աստղ Խորէն Յովհաննիսեան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ