By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ոստիկանական զօրքերը եւս պիտի ներառնուին մարտական հերթապահութեան մէջ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ու հաւաստիացուց, որ սահմանին իրավիճակը բոլոր կողմերէն վերահսկելի է:
<<Իրավիճակը սահմանին վերահսկելի է ինչպէս Արցախի, այնպէս էլ Նախիջեւանի եւ հիւսիսային ուղղութեամբ: Անհրաժեշտութիւն է առաջացել, որ Զինուած ուժերի այլ զօրքերի շարքին դասուող ոստիկանական ուժերը եւս ընդգրկուեն մարտական հերթապահութեան մէջ>>, յայտնեց Տօնոյեան եւ ոստիկանութեան զօրքերու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը բացատրեց մարտական հերթապահութեան մէջ հետաքրքրական լուծումներ փնտռելու փափաքով:
Նոյն ճեպազրոյցին ընթացքին, պաշտպանութեան նախարարը վստահեցուց, որ այս զօրակոչին զօրակոչուողներու շարքին պիտի ըլլան աւելի մեծ թիւով նախկին չզօրակոչուածներ, որոնց մէջ նաեւ գործարարներու որդիներ:
<<Այս զօրակոչի գլխաւոր փոփոխութիւնը տրամադրուածութիւնն է դէպի ծառայութիւն: Գործնական քայլերից է այն, որ զօրակոչուողների մէջ կը լինեն աւելի շատ նախկինում չզօրակոչուածներ, այդ թւում՝ հնարաւոր է նաեւ լինեն խոշոր գործարարների որդիներ>>, ըսաւ նախարարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ