Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018

0710hrand

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Յուլիսին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:

Քննարկուեցան հանրապետութեան ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:

Երկրի ղեկավարը նկատել տուաւ, որ նման քննարկումները պահանջուած են. անոնք դարձած են աւանդական:

Հանդիպումին կը մասնակցէր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան լրագրողներու ըսաւ. «Ղարաբաղը երբեք այսքան զգայուն, այսքան նուրբ, այսքան դիւրաբեկ վիճակի մէջ չէ յայտնուած: Մենք ունինք անվտանգութեան հարց, մենք խնդիր ունինք այս փուլին ընելու ամէն ինչ, որպէսզի չէզոքանան արտաքին վտանգները: Այդ պատճառով պէտք է միասնականութիւն, ներքին միութիւն եւ կայունութիւն: Ասիկա լուրջ հարց է, Ղարաբաղի անվտանգութեան հետ կապուած խնդիր է, պիտի ըսէի նոյնիսկ անկէ աւելին է: Հայ ժողովուրդը այսօր կրնայ լուրջ կորուստ ունենալ: Այդ կորուստը կը սկսի Ղարաբաղով եւ կը վերջանայ Հայաստանի անկախութեան կորուստով, եթէ մենք չզգաստանանք, եթէ չանդրադառնանք, որ համախմբուածութիւնը այսօր ամէնէն կարեւոր հարցն է:

Ամէնէն վտանգաւորը այս պահուն, ներքին պառակտումն է, ներքին աթոռակռիւն է, որ պէտք է բացառել ամբողջութեամբ: Ղարաբաղը անցած 30 տարիներուն ընթացքին մեր այն ձեռքբերումն է, որ մենք իրաւունք չունինք որեւէ ձեւով վտանգելու: Վտանգել Արցախի ապագան՝ ազգային դաւաճանութիւն է: Եւ անկէ պէտք է խուսափիլ: Հարցը այն է, որ այս դիմադրութեան բերդը չեն կրնար գրաւել, եթէ ներսը՝ բերդին մէջ պառակտում չըլլայ: Եթէ բերդը չգրաւեն ներսէն, անկարելի է, որ կարենան դուրսէն գրաւել»:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement