Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը Հրաժարական Տուած Է Իր Պաշտօնէն

By Asbarez | Tuesday, 10 July 2018

0710aravartanian

ԵՐԵՒԱՆ - Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երկուշաբթի, 9 Յուլիսին, ընդունած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանին, որ նախագահին ներկայացուցած է իր հրաժարականը՝ պաշտօնական դիրքը չարաշահելու իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքի լոյսին տակ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան, իբրեւ Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, ի գիտութիւն ընդունած է Արա Վարդանեանի հրաժարականի դիմումը:

Ըստ սահմանուած կարգի, դիմումը կ’ուղարկուի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն՝ հաստատման համար, որմէ ետք կը ստեղծուի յատուկ յանձնաժողով, որ մրցութային կարգով պէտք է ընտրէ Հիմնադրամի նոր գործադիր տնօրէն:

<<Հայաստան>> համահայկական հիմնադրամի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահը կը գտնէ, որ երրորդ հանրապետութեան ծնունդէն ի վեր հիմնադրամը կարեւոր եւ օգտակար ծրագիրներ իրականացուցած է` իր շուրջը համախմբելով ազգային եւ հոգեւոր կառոյցներ, բարերարներ եւ հարիւր հազարաւոր անհատներ: Ուստի, հիմնադրամը դեռեւս առաքելութիւն ունի իրագործելու Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կեանքին մէջ:

Սակայն, պարզ է նաեւ, որ հիմնադրամը կարիք ունի կազմակերպական եւ նոր յղացումներու, որոնք առաւել կը բարձրացնեն անոր արդիւնաւէտութիւնը, վստահութիւնը եւ կշիռը:

Նշենք, որ Հանրապետութեան նախագահը Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհրդի Մայիս 25ի նիստի ժամանակ երեք ամիս ժամանակ տուած էր ներկայացնելու Հիմնադրամի արմատական բարեփոխումներու առաջարկներ:

Ըստ այդ, նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս ունի, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը յաղթահարէ այս փորձութիւնը եւ անկէ դուրս կու գայ նորացուած՝ արժանի Նոր Հայաստանի ձգտումներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

 

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement