By Asbarez | Monday, 16 July 2018

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Երեւանի աւագանիի <<Երկիր Ծիրանի>> խմբակցութիւնը 16 Յուլիսին կայանալիք Երեւանի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրած է քաղաքապետի իր թեկնածուն՝ Երեւանի աւագանիի <<Երկիր Ծիրանի>> խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեանը:
Երեւանի աւագանին օրէնքի ուժով հրաւիրուած արտահերթ նիստին քաղաքապետի ընտրութեան օր սահմանած է 16 Յուլիսը:
Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութիւնը չուզեր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել: ՀՀԿն նաեւ տրամադիր չէ մասնակցելու աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն:
<<Իմ տեղեկութիւններով՝ Հանրապետական խմբակցութիւնը չի ուզում քաղաքապետի թեկնածու առաջադրել>>: Այս մասին <<Թեր-թ>>ի լրագրողին յայտնեց Երեւանի աւագանիի <<Հանրապետական կուսակցութիւն>> խմբակցութեան անդամ Ենոք Ազարեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ