By Asbarez | Monday, 30 July 2018
Շաբաթավերջին, ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւնները մեծ խանդավառութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի մէջ: Տեղի ունեցաւ 100ամեակի փառաւոր տողանցքը, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Արամ Մանուկեանի արձանի այցելութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնին առջեւ միութեան հիմնադիրներու յուշաքանդակներու զետեղում եւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»ի բացում: Համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի մասնակիցները իրենց կարգին ունեցան ազգային յայտագիրներով լեցուն երկու օր: Արդարեւ, 1200 բանակողները, 100ամեակի տողանցքէն ետք՝ Շաբաթ երեկոյեան, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, իսկ յետմիջօրէին այցելեցին Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոցը, ուր մօտէն ծանօթացան Հայկական բանակի սպաներու պատրաստութեան ուսումնարանին եւ տեղւոյն քաջարի բանակայիններուն:
100ԱՄԵԱԿԻ ՏՈՂԱՆՑՔԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
100ամեակի պատմական տողանցքը Շաբաթ, 21 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 5:30ին ընթացք առաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն: Տողանցքը առաջնորդեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբը եւ վեց դրօշակակիրներ, որոնց հետեւեցան համա-ՀՄԸՄական բանակումին մասնակցող պատուիրակութիւնները՝ այբբենական շարքով: Պատուիրակութիւններու կարգին, առաջին անգամ ըլլալով, տողանցեցին նաեւ աշխարհի չորս ծագերէն եկած միութեան վաստակաշատ նախկին խմբապետ-խմբապետուհիները՝ թիւով 150 հոգի, եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի սկաուտական շարքերը՝ 400 գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենուշներ եւ շարային յատուկ խումբի անդամներ:
Տողանցող պատուիրակութիւնները երեկոյեան ժամը 6ին Հանրապետութեան հրապարակ հասնելով՝ խրոխտ ու առինքնող շարքերով անցան այս առիթով պատրաստուած պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն, ուր զիրենք ողջունեցին սփիւռքի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարներ Մխիթար Հայրապետեանն ու Արթիւր Խաչատրեանը, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Լիբանանի դեսպանները, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ Հրանդ Մարգարեան եւ Արսէն Համբարձումեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, միութեան 26 շրջաններու պատասխանատուներ, 100ամեակի տօնակատարութիւններու կնքահայրեր, հիւրեր եւ հրաւիրեալներ:
Ապա, տողանցող պատուիրակութիւնները իրենց տեղերը գրաւեցին հրապարակին վրայ եւ ընդհանուր «հանգիստ-պատրաստ»էն ետք՝ հետեւեցան օրուան յայտագիրին:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբը, որ տողանցքի ամբողջ տեւողութեան ազգային-հայրենասիրական իր եղանակներով ոգեւորած էր Երեւանի բնակիչներն ու տողանցքին հետեւողները, տողանցքի պաշտօնական յայտագիրին ազդանշանը տուաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն կատարումով:
Առաջին խօսքը արտասանեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄի 100ամեակը եւ ըսաւ, որ սկաուտական շարքերը իրենց պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերով կը ներկայացնեն մեր մեծագոյն հպարտութիւնը:
«ՀՄԸՄը դար մը առաջ հիմնուեցաւ ազգային եւ համամարդկային գաղափարներով, ըստ որոնց՝ անիկա կրթեց միտքով, հոգիով ու մարմինով առողջ սերունդներ», ըսաւ նախարարը: ՀՄԸՄը տարիներ շարունակ մեծ աւանդ ունեցաւ հայապահպանման գործին մէջ, Սփիւռքի մէջ հայ մարդը հայ պահելու եւ աւելի հայացնելու աշխատանքին մէջ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ օրինապահ քաղաքացիներ կերտելու ճիգին մէջ: ՀՄԸՄը պատրաստեց քաղաքացիական իրենց իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն գիտակից սերունդներ՝ միշտ բարձր պահելով հայութեան եւ Հայաստանի անունը: Անոր համար ալ հայութիւնը միշտ հպարտ եղաւ ՀՄԸՄով, իսկ Հայաստանի պետութիւնն ալ մի՛շտ եղաւ ՀՄԸՄի կողքին, այնպէս ինչպէս ՀՄԸՄը եղաւ պետութեան կողքին, հաստատեց նախարար Հայրապետեան:
Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ողջունեց տողանցողները անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքի սիրտին մէջ: «Ա՛յն Հայաստանին, որուն համար երդում կատարած էք ծառայելու: Ա՛յն Հայաստանին, որուն համար գործած են ձեզի նախորդած սկաուտական շարքերը: Ու նաեւ, ա՛յն Հայաստանին, ուր կը համախմբուիք չորս տարին անգամ մը, համա-ՀՄԸՄական ձեր բանակումները կատարելու, հայկական ձեր արմատները զօրացնելու եւ քիչ մը աւելի հայացած ձեր երկիրները վերադառնալու համար», ըսաւ ան: Մկրտիչեան նաեւ ըսաւ, որ «Հայաստանն է մեր ուժին աղբիւրը եւ կենսունակութեան աւիշը: Հայրենի հողն է մեզ օտարացումէ եւ ձուլումէ փրկող միակ ապաւէնը: Ճիշդ է, որ մեր մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Հայաստանէն դուրս, բայց, կասկած չկայ, որ Հայաստանը կ՛ապրի իւրաքանչիւրի հոգիին ու սիրտին մէջ: Կասկած չկայ, որ ՀՄԸՄական դաստիարակութեամբ մեր սկաուտները Հայաստանը կը ճանչնան՝ առանց զայն ունենալու: Հայաստանը կը սիրեն՝ առանց զայն ճանչնալու, որովհետեւ սկաուտներու երակներուն մէջ կը հոսի հայու արիւնը, անոնց կուրծքերուն տակ կը տրոփէ ՀՄԸՄականի սիրտը»:
Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով՝ Մկրտիչեան յայտնեց. «Դուք բախտաւո՛ր սերունդ էք, որովհետեւ Հայաստանի անկախութեան 100ամեակի տարին առիթն ու պատեհութիւնը ունիք ձեր սիրելի միութեան 100ամեակը տօնելու արդար գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ: Դուք նաեւ յաւելեալ պարտականութիւն ունեցող սերունդ էք, որովհետեւ կոչուած էք 100 տարուան վաստակի մը արժանաւոր կրողները ըլլալու եւ այդ վաստակին վրայ անպայման ձեր կողմէ բան մը աւելցնելու»: Ապա, Մկրտիչեան նշեց, թէ որքա՜ն գեղեցիկ է տեսակ-տեսակ դրօշներով սկաուտներ տեսնել այս հրապարակին վրայ: Բայց նաեւ, որքա՜ն հմայիչ է պանծալի Եռագոյնը տեսնել բոլոր դրօշներէն առաջ ու բոլոր դրօշներէն վեր: «Եռագոյնով առաջնորդուող այս տողանցքը քիչ ետք կրնայ աւարտիլ, բայց ՀՄԸՄի երթը երբե՛ք չի կրնար վերջ գտնել: 100 տարի առաջ սկսած այդ երթը կը շարունակուի ու պիտի շարունակուի բոլորի՛ն խրոխտ քայլերով, «կամաւոր բանակ»ի հզօր կամքով եւ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» ընթանալու հաստատ վճռակամութեամբ», եզրափակեց ան:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Ան ողջունեց հայութեան «կամաւոր բանակը» եւ նշեց, որ մէկ դրօշի տակ այսքա՛ն երիտասարդներ համախմբելու երեւոյթը ինքնին ոգեւորիչ է: Ան ըսաւ, որ կեանքի մէջ յաջողութեան գրաւականն են գիտելիքը, հաւատքն ու կամքը, որոնցմով զինուած՝ ՀՄԸՄականները հարկ է որ իրենց համար ճշդեն յաւակնոտ նպատակներ, կարենան տալ կշռադատուած որոշումներ եւ հետեւողականութիւն ցուցաբերեն այդ որոշումներու իրականացման համար:
Համբարձումեան թելադրեց ա-ռաջնորդուիլ սկաուտութեան համար հիմնական նշանակութիւն ունեցող ազգասիրութեան եւ բարոյականութեան սկզբունքներով: «ՀՄԸՄը սոսկ կազմակերպութիւն չէ, այլ՝ իւրօրինակ դպրոց է մնայուն արժէքներու, սիրոյ, եղբայրութեան, հայրենասիրութեա՛ն դպրոց: Նորանկախ Հայաստանի ապագան կրնան երաշխաւորել միայն ՀՄԸՄականներու նման բանիմաց, ազնիւ, հայրենասէր եւ կազմակերպուած հայորդիներ», հաստատեց ան:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ըսաւ, որ այսօր մեծագոյն տօնն է, իւրայատուկ եւ խորհրդանշական: Այսօր ՀՄԸՄը կը նշէ իր մէկդարեայ գործունէութեան յոբելեանը: «ՀՄԸՄը անցնող մէկ դարուն սովորական միութիւն մը չեղաւ, այլ եղաւ դպրոց մը, ուր փոխանցուեցան ազգային գաղափարախօսութիւն, պատուի զգացողութիւն: ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը ունեցաւ մէկ նպատակ՝ պատրաստել հայ ազգին արժանի, գիտակից, նուիրուած, հոգեպէս կայուն ու առողջ սերունդներ, որոնք պիտի կերտեն մեր երազած ապագան», ըսաւ ան:
Հուսկ, իր խօսքը փոխանցեց համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտօղլեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄի 100ամեայ «կամաւոր բանակ»ին երթը սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք՝ որբախնամի եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով: Այսօր, 100 տարի ետք, այդ «կամաւոր բանակը» կը գործէ ամէնուրեք, հայապահպանման առաքելութեամբ, կառչած մնալով հիմնադիրներուն հաստատած սկզ-բունքներուն՝ «առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ» տեսնելու մօտեցումին: Այսօր, նոյն «կամաւոր բանակ»ին զինուորները կը շարունակեն քալել խրոխտ ու հաստատ քայլերով:
Իր խօսքը սկաուտներուն ուղղելով՝ Օրտօղլեան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, դուք իսկապէս կամաւոր բանակն էք այս միութեան: Դո՛ւք էք, որ կը ստանձնէք այդ ջահը, որ վառեցաւ 100 տարի առաջ ու բոցավառեց սիրտերը հազարաւոր հայերու: Հո՛ն, ուր հասաւ ՀՄԸՄը, տարածեց մարզական եւ սկաուտական առողջ ոգի: Այսօր այդ ջահը կը վառի աշխարհի չորս ծագերուն՝ ՀՄԸՄը դարձնելով անքակտելի մէկ մասը հայ իրականութեան»:
Շարունակելով, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին յայտնեց. «Յուզիչ եւ խրախուսիչ է անկախ հայրենիքի մայրաքաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ տեսնել 2000 ՀՄԸՄական սկաուտներ, որոնք եկած են իրականացնելու երազը հիմնադիր ղեկավարներուն եւ շարունակելու անոնց երթը՝ ուխտելով հաւատարիմ մնալ այն բոլոր սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է այս միութիւնը: Յառա՜ջ դէպի նոր 100ամեակ, յառա՜ջ դէպի նորանոր յաղթանակներ»:
Խօսքերէն ետք, տողանցքը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7ին:
ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ
100ամեակի պատմական տողանցքը կանխեց, Շաբաթ, 21 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՄԸՄի հիմնադիր երրորդութեան՝ Շաւարշ Քրիսեանի, Գրիգոր Յակոբեանի եւ Յովհաննէս Հինդլեանի, յուշաքանդակներուն բացումը՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Երեւանի կեդրոնի մուտքին:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, Շաւարշ Քրիսեանի եղբօր թոռը՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրն ու քոյրը՝ Այտա եւ Աննա Բախշեաններ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ներկայ եւ անցեալի անդամներ, հիւրեր եւ ՀՄԸՄականներ:
Յուշաքանդակներուն բացումը կատարեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ յուշաքանդակի բարերար տէր եւ տիկ. Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններու ներկայացուցիչ՝ Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ» մասնաճիւղի ատենապետ Լեւոն Դելփեան:
Այս առիթով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը այսօր հպարտ ու բարձրաճակատ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին՝ մէկ դարու նուաճումներով եւ իրագործումներով հարուստ իր պատմութեամբ: ՀՄԸՄը կը յիշէ այդ պատմութեան մեծ երախտաւորները եւ յարգանքի ու գնահատանքի իբրեւ արտայայտութիւն՝ Երեւանի սրտին մէջ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնի մուտքին, կը կանգնեցնէ միութեան հիմնադիրներուն յուշաքանդակները:
Կէօվօղլանեան նշեց նաեւ, որ ՀՄԸՄի հիմնադիրները խոր հայրենասիրութեամբ իրենց ծրագիրներուն կիզակէտը դարձուցած էին հայութիւնը, հայ լեզուն, Հայաստանն ու հայ նորահաս սերունդը: Այսօր, անոնք կրնան հանգիստ ննջել, որովհետեւ իրենց ծրագիրները իրագործման մէջ են միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս Հայաստանի՛ կազմակերպութեան կողմէ:
Շարունակելով՝ Կէօվօղլանեան շնորհակալութիւն յայտնեց յուշաքանդակի բարերար Վարդան եւ Սապին Գազանճեաններուն, քանդակագործներ Աշոտ եւ Հայկ Մարկոսեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աշխատանքի իրագործման:
«Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան ներշնչումի աղբիւր՝ ծրագրելու եւ իրագործելու յառաջիկայի մեր բեղուն գործունէութիւնը: Այս յուշաքանդակները պիտի ըլլան նաեւ մղիչ ուժը՝ հետեւելու միութեան հիմնադիրներուն գծած ուղիին, գաղափարախօսութեան եւ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին», շեշտեց Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, թէ այս յուշաքանդակները, այս իւրայատուկ վայրէն, պիտի ըլլան մնայուն յուշարարներ՝ մնալու այդ սերունդին արժանաւոր ժառանգորդները, ՀՄԸՄը առաջնորդելով պատուաբեր անցեալէն դէպի նորանոր իրագործումներ, դէպի յաղթական ապագայ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքէն ետք, ներկաները բարձրացան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի կեդրոնի երրորդ յարկը, ուր տեղի ունեցաւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»ին բացումը:
Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ըսաւ, որ նախապէս Վարդան Բախշեանի անունով սրահ մը կար կեդրոնին մէջ, սակայն նպատակայարմար նկատուեցաւ զայն բարեկարգել եւ գրադարանով մը օժտել, որպէսզի սկաուտները կարենան աւելի շատ ժամանակ անցընել կեդրոնին մէջ՝ առաւե՛լ կապուելով միութեան: Ան հաստատեց նաեւ, որ գրադարան-ընթերցարանի գլխաւոր բարերարը եղած է Վարդան Բախշեանի մտերիմ ՀՄԸՄականներէն մէկը, որ սակայն չէ փափաքած անունը յայտարարել: Գրադարանը տակաւին իր վերջնական տեսքը չէ ստացած, եւ խոստումներ կան զայն նոր գիրքերով եւ համակարգչային սարքերով հարստացնելու:
Ապա, Վարդան Բախշեանի մասին խօսելով՝ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ 1991ին, Արցախի ազատագրման կռիւներուն նահատակուած Վարդանը, թէեւ կարճ, սակայն բովանդակալից եւ հերոսական կեանք մը ունեցաւ: «Ան անմահացաւ՝ ներշնչումի օրինակ դառնալով գալիք սերունդներուն: Վարդանը ընթերցասէր էր, իրեն համար ընթերցանութիւնը միջոց էր գիտելիքներ եւ ճանաչողութիւն ձեռք բերելու, մեր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդի խնդիրներուն ծանօթանալու համար: Թող իր օրինակը վարակիչ ըլլայ այսօրուան սկաուտներուն համար, Վարդանի օրինակով իրենք զիրենք գիտութեամբ եւ գիտելիքներով զինելու համար», աւելցուց Յակոբեան:
Այնուհետեւ, սրտի խօսք փոխանցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ ըսաւ, թէ ինք Վարդան Բախշեանը ճանչցած է միութեան 1991ի Պատգամաւորական ժողովին: «Վարդանը համակ եռանդ եւ խանդավառութիւն էր: Ընթերցասէր եւ գաղափարական մարդ, որուն նմանները քիչ են մեր օրերուն: Ան կը պատկանէր Հայաստանի մէջ վերընձիւղուած ՀՄԸՄի առաջին սերունդին, որ հսկայական գործ կատարեց միութիւնն ու միութենական արժէքները ծանօթացնելու եւ տարածելու համար», վկայեց ան:
Վերջին խօսքը արտասանեց նահատակ Վարդան Բախշեանի քոյրը՝ Աննա Բախշեան: Ան ըսաւ, որ այս գրադարան-ընթերցարանին բացումը կարեւոր նախաձեռնութիւն է այսօրուան սկաուտութիւնը գիր-գրականութեան եւ ակումբին կապելու իմաստով: Ընթերցանութիւնը կարեւոր է միտքով առողջ սերունդներ պատրաստելու համար, շեշտեց ան։
Աննա Բախշեան նշեց, որ Վարդանը ունէր գիրքի պաշտամունք: Զինք ճանչցողները գիտեն այդ մասին: «Շատ հաճելի է, որ իր սիրելի միութեան կեդրոնին մէջ բացուած է գրադարան-ընթերցարան մը: Այսօր, համացանցի ներկայութեան, դժբախտաբա՛ր, գիրքի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազած է, բայց ամէն պարագայի, գիրքը ուրիշ զգացողութիւն է եւ ուրիշ լիցքեր կու տայ մարդուն», աւելցուց ան:
Իր խօսքի աւարտին, Աննա Բախշեան շնորհաւորեց ՀՄԸՄը 100ամեակին առիթով եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը՝ գրադարան-ընթերցարանին համար, ապա յայտարարեց, որ Վարդանի գիրքերէն կարեւոր մաս մը կը նուիրէ իր անունը կրող այս գրադարանին:
Խօսքերէն ետք, կեդրոնի առաջին յարկին վրայ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ԵՌԱԲԼՈՒՐ ԵՒ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
100ամեակի ոգեկոչումները շարունակուեցան Կիրակի, 22 Յուլիսին: Կէսօրէն առաջ ժամը 10ին, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի խմբապետական կազմի անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ սկաուտներ այցելեցին Եռաբլուր ու մէկական ծաղիկով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նահատակաց պանթէոնին մէջ հանգչող Արցախեան պայքարի բոլոր հերոսներուն, որոնց կարգին՝ ՀՄԸՄական Վարդան Բախշեանին, Վիգէն Զաքարեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին եւ Յակոբ Առուստամեանին: Սկաուտները առաջնորդեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամները:
Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Բագրատ Եսայեան: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն պարտաւոր է իր անցեալը գնահատել եւ իր գաղափարներու ազդեցութեան ու տարածման չափը ճշդել: Իսկ նման արժեւորումի համար, Եռաբլուրը յարմարագոյն վայրն է ՀՄԸՄին, որովհետեւ անիկա կ՛ամփոփէ շիրիմները Արցախեան պայքարին զոհուած ՀՄԸՄական նահատակներուն:
Եսայեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄը անցնող 100 տարիներուն գործած է իբրեւ «կամաւոր բանակ», եւ երբ պահը հասած է, հայրենիքի լինելութեան եւ պաշտպանութեան հրամայականը ներկայացած է ու Արցախի ազատագրման կռիւները սկսած են, միութեան «կամաւոր բանակ»ի անդամներէն շատերը, իրենց դաստիարակութեամբ եւ անձնազոհութեամբ, գտնուած են պայքարի առաջին շարքերուն մէջ: Անոնք զոհած են ընտանիք, անձնական հանգիստ ու բարօր կեանք, իրենց թանկագի՛նը զոհած են՝ մեր երազած Հայաստանը իրականութիւն դարձնելու եւ միացեալ Հայաստանի ճամբուն վրայ առաջին քայլը առնելու համար:
Շարունակելով՝ Եսայեան նշեց, որ Վարդանը, Վիգէնը, Վաչէն եւ Յակոբը ներշնչումի օրինակներ են ՀՄԸՄական սերունդներու համար: Այսօր, հայկական բանակին կը ծառայեն բազմահարիւր ՀՄԸՄականներ, որոնք մեծցած եւ դաստիարակուած են միութեան նահատակներու գաղափարական շունչով, մի՛շտ պատրաստ գերագոյն զոհաբերութեան եւ նորանոր յաղթանակներու, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականութիւն դարձնել մեր մեծ նպատակը՝ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:
Այս առիթով, սկաուտները ողջունեց Եռաբլուրի պատասխանատու գնդապետ Առաքելեան, որ ի տես աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած սկաուտներուն՝ դրուատեց հայութեան միասնականութեան եւ ամբողջականութեան երեւոյթը եւ նշեց, թէ հայրենիքը միայն խաղաղ օրերուն յիշելով չի՛ պահուիր, այլ՝ ճգնաժամի պահերուն անոր կողքին ըլլալով, ամէն ինչ զոհաբերելով եւ ի հարկին՝ արի՛ւն թափելով: «Մենք այս բոլորը սորվեցանք Վիգէնէն, Վարդանէն եւ ՀՄԸՄական մնացեալ նահատակներէն, որոնք յաղթանակի դափնիներով պսակեցին մեր պատմութիւնը», շեշտեց ան:
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Յաջորդ հանգրուանը եղաւ Արամ Մանուկեանի նորաբաց արձանը: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու ընկերակցութեամբ, համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումի խմբապետական կազմը Արամի արձանը այցելեց Կիրակի կէսօրուան ժամը 12ին եւ հոն զետեղեց յարգանքի ու յիշատակի ծաղկեպսակ մը: Խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան: Ան ըսաւ, թէ պատահական չէ՛, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի տարին Արամը վերադարձաւ իր ժողովուրդին: Տասնամեակներ շարունակ հայրենի ժողովուրդը զրկուած էր Արամի արժէքներէն, դաւանանքէն եւ գաղափարներէն, որովհետեւ օրուան իշխանութիւնները համաձայն չէին անոնց: Սակայն, ՀՄԸՄը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը յաջողեցան Արամի գաղափարները վառ պահել Սփիւռքի մէջ: Վառ պահեցին 70 տարի եւ զայն փոխանցեցին հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին:
Եսայեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄը եղաւ այն կազմակերպութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ դաւանեց գաղափարական այնպիսի արժէքներ, որոնք մնայուն են մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին համար, իսկ այսօր, իբրեւ պարտականութեան գիտակից կազմակերպութիւն, հետեւելով այդ նոյն արժէքներուն՝ հաւատքով եւ վստահութեամբ այդ արժէքները կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին, հանգի՛ստ մտքով, որ այդ գաղափարները կրողները պիտի բազմանան հայրենիքի մէջ, եւ պիտի շարունակուի ՀՄԸՄի անկասելի երթը՝ «Պատուաբեր անցեալէն դէպի յաղթական ապագայ»:
ՎԱԶԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԶՕՐԱՆՈՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Այցելութիւնները եզրափակուեցան Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց այցելութեամբ: Այցելութիւնը կատարուեցաւ համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին մասնակից 650 սկաուտներով, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու:
Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Տողանցեցին ՀՄԸՄի սկաուտները, ապա ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ Հայկական բանակի շեփորախումբերը նուագեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ բանակ եւ զօրանոց խորհրդանիշներ են պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան: Իսկ 100ամեայ ՀՄԸՄը եղած է ու կը մնայ մնայուն պաշտպանը հայրենի պետականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։
«Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն, ՀՄԸՄը առաջիններէն էր, որ իր ծառայութիւնները դրաւ հայոց պետականութեան տրամադրութեան տակ, մտաւ որբանոցները եւ Ցեղասպանութեան որբերէն, թշ-ուառ ու անտէր պատանիներէն կերտեց նոր հայը, հայկական բանակի ապագայ զինուորը: Իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, ՀՄԸՄը դարձեա՛լ առաջիններէն էր, որ իր հանրանուէր գործունէութիւնը ծաւալեց հայրենիքի մէջ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ճամբով ջանաց այս անգամ կերտել նոր քաղաքացին, ազգային իր արժէքներուն եւ նպատակներուն հաւատարիմ հայ մարդը, ազգային բանակ մտնելու պատրաստուող հայ երիտասարդը», ըսաւ Մկրտիչեան:
Ապա, ան շեշտեց, որ շատերը ՀՄԸՄը ճանչցան, իր քայլերգին բառերով՝ իբրեւ «կամաւոր բանակ»ը հայութեան եւ հայրենիքին, միշտ ծառայելու, ծառայութեամբ մեծնալու կամքով ու տեսիլքով: Շատերը ՀՄԸՄի մէջ տեսան անհայրենիք ժողովուրդի մը փոքրիկ բանակը, որ հաւատաց մեծ նպատակներու, մեծ ու անսակարկելի արժէքներու։
Մկրտիչեան յայտնեց, որ Հայոց բանակի տողանցքին հետ զօրամաս մը չէ՛, որ միայն կը տողանցէ, այլ՝ մեր պատմութեան բոլոր հերոսները, փաղանգ առ փաղանգ, անցեալի նախարարական գունդերէն մինչեւ ֆետայական մեր խումբերը եւ Արցախեան պայքարի հերոսական վաշտերը: ՀՄԸՄական սերունդները այս համոզումով կը մեծնան ու հասակ կ՛առնեն՝ խոր յարգանք տածելով հայոց բանակին եւ անոր վեհ առաքելութեան: ՀՄԸՄական տղաք ու աղջիկներ այս դաստիարակութեամբ կը խոնարհին Հայոց բանակի անթիւ զոհողութիւններուն դիմաց եւ, իբրեւ գերագոյն արժէք՝ զայն կը դասեն ամէն բանէ վեր:
«Այսօր, «Կամաւոր բանակը» կանգնած է կողքին պետական բանակին: Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ պատկեր, քան՝ համա-ՀՄԸՄական, համահայկական այս զօրակցութիւնը, որ սա պահուն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց: Այստեղ ներկայ սկաուտներու ճամբով ամբողջ հայութիւնն է, որ այսօր յարգանքի իր տուրքը կու տայ Հայոց բանակի նուիրեալներուն, որոնք կը մնան միշտ արթուն, միշտ խրոխտ ու անձնազոհ, որպէսզի հայրենիքի սահմանները մնան ապահով, իսկ զաւակները՝ պաշտպանուած», ըսաւ Մկրտիչեան։
Իր կարգին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ողջունեց ՀՄԸՄը՝ իր «շնորհալի, շնորհակալ եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար»: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄը Ցեղասպանութենէն ետք որբախնամի աշխատանք կատարեց, 40 հազար որբերու տիրութիւն ըրաւ, համահայկական մարզախաղեր ու բանակումներ կազմակերպեց եւ այդ բոլորով պահպանեց ու տարածեց հայ լեզուն, ազգային ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը:
Նախարար Տօնոյեան նաեւ գնահատեց ՀՄԸՄի մեծ ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ Սփիւռքը եւ Հայաստանը անբաժանելի են իրարմէ: Փորձութեան պահերուն բաժանարար բոլոր գիծերը կը ջնջուին: Արցախեան պայքարի յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունեցան Սփիւռքէն ժամանած հայրենակիցները, որոնց կարգին՝ ՀՄԸՄի դպրոցէն անցածները: Իրենց ծառայութիւններով եւ մարտերու ընթացքին ցուցաբերած արիութեամբ, շատերը արժանացան Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու մետալներուն եւ շքանշաններուն, իսկ ոմանք ալ՝ Հերոսի կոչումին:
Տօնոյեան վստահեցուց, որ Հայաստան ունի փոքրաթիւ, սակայն ամո՛ւր եւ մարտունակ բանակ, որ արդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր յաղթանակներէն մէկուն կերտիչն է: Հայաստանի բանակով հպարտանալու շատ բան ունի մեր ժողովուրդը: «Այս այցելութիւնը դէպի մայր հայրենիք եւ Հայոց բանակ, ՀՄԸՄի սկաուտները կը դարձնէ աւելի՛ հպարտ, աւելի՛ հայրենապաշտ ու աւելի՛ հայ», եզրակացուց նախարարը:
Զօրանոց այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան միջեւ յուշանուէրներու փոխանակումով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ