Արձանին Բացման Տողանցքով Եւ Հանդիսութեամբ՝ Վահան Չերազ Գիւմրի Կը Վերադառնայ 1200 Սկաուտներու Փառքով Ու Պատիւով

By Asbarez | Monday, 30 July 2018

Գիւմրին Երկուշաբթի, 23 Յուլիսին փառքով ու պատիւով ընդունեց շուրջ դար մը առաջ, Ա. Հանրապետութեան օրերուն, բազմահազար որբերու խնամատար, դաստիարակ եւ սկաուտ խմբապետ՝ ՀՄԸՄական Վահան Չերազի արձանը, որ միութեան 100ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ իր շքեղ կերտուածքով կանգնեցաւ քաղաքին գլխաւոր հրապարակը՝ Վարդանանցը Վահան Չերազ պողոտային միացնող խաչմերուկին վրայ:

Վահան Չերազ 1920ին, Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ Պոլիսէն հրաւիրուած ՀՄԸՄի եռանդամ պատուիրակութեան այն անդամն էր, որ Գիւմրի մնաց նոյնիսկ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք եւ քանի մը տարի ետք, Դեկտեմբեր 1927ին, Թիֆլիսի մէջ զոհ գնաց համայնավար չեկիստներու անարգ սպանութեան:

Վահան Չերազի Գիւմրի վերադարձը եղաւ յուզիչ եւ տպաւորիչ արարողութեամբ մը, ներկայութեամբ դստեր՝ Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանի, ՀՄԸՄի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռան՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի, Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆի Յովսէփեանի, Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Ս. Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէի անդամ Հմայեակ Խոցանեանի, Համաշխարհային Սկաուտական շարժումի բիւրոյի եւրասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումելի, ՀՄԸՄ ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան 100ամեակի կնքահայրերու եւ 100ամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակից ՀՄԸՄական հոծ բազմութեան մը:

Կէսօրուան ժամը 12ին, Արձանին բացման նախորդեց համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին մասնակից 1200 սկաուտներու տողանցքը՝ Վարդանանց հրապարակին վրայ, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ -ՀԱՍԿի շեփորախումբին:

Տողանցքէն ետք, ներկաներն ու տողանցող 26 երկիրներու սկաուտական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչները հաւաքուեցան հրապարակին անկիւնը Վահան Չերազ պողոտային միացնող խաչմերուկին պուրակը, ուր տեղի ունեցաւ արձանին բացման հանդիսութիւնը:

Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն կատարումէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի արենուշներէն Անուշիկ Փանոսեան: Ան ներկայացուց օրուան յայտագիրը եւ հրաւիրեց Գիւմրիի քաղաքապետը, Բիւրակն Չերազը եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը քօղազերծելու Վահան Չերազի արձանը պատող կտորը: Յաջորդեց խօսքերու բաժինը: Առաջին խօսքը արտասանեց Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան: Ան ըսաւ, որ հետաքրքրական եւ պատմական օր է այսօր, որովհետեւ Գիւմրիի պատմութեան մէկ հանգրուանը այս արձանին միջոցով կը փոխանցուի նոր սերունդին:

Բալասանեան նկատել տուաւ, որ Վահան Չերազ արժանաւոր մարդ էր, հայու զաւակ էր: Ամէնէն դժնդակ պայմաններու մէջ ան չլքեց քաղաքը եւ զբաղեցաւ որբերու, պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան գործով: Ան կատարեց լուրջ աշխատանք, որ արժանի է յիշատակութեան եւ նորահաս սերունդներու փոխանցման:

Այս առիթով բաւական յուզական ելոյթ մը ունեցաւ նահատակ Չերազի դուստրը՝ Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանը: Ան գոհունակութեամբ յիշեց, որ Գիւմրին եղած է իր ծննդավայրը, ուր ան մեծցած է որբութեան պայմաններու մէջ, որովհետեւ իր հօր գնդակահարութենէն կարճ ժամանակ մը ետք՝ չեկիստները սպաննած են նաեւ մայրը: Ան ըսաւ, որ չէր կրնար երազել, որ օր մը իր հօր արձանը կրնար կանգնեցուիլ իրեն հոգեհարազատ Գիւմրիի մէջ:

Չերազի դուստրը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄին այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար եւ ըսաւ, որ ինք իր հայրը չէ ճանչցած, սակայն իր հօրը որբերէն եւ որբուհիներէն, ինչպէս նաեւ իր մօրեղբօր՝ Վազգէն Անդրէասեանի մէկ հրատարակութենէն («Վահան Չերազ Եւ Իր Երգը Հայաստանի») իմացած է Չերազի մասին, որ երախտաշատ գործ կատարած է 1920էն մինչեւ նահատակութիւնը՝ կազմակերպելով սկաուտական եւ մարզական խումբեր: Շրջան մը ան աքսորուած է Սիպերիա (1924ին), սակայն քանի մը ամիս ետք ազատ արձակուելով՝ վերադարձած է Հայաստան եւ մինչեւ վերջին շունչը զբաղած է որբախնամի աշխատանքով:

Արձանին բացման համար իր գոհունակութիւնը յայտնեց նաեւ Համաշխարհային Սկաուտական շարժումի բիւրոյի եւրասիական տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Շրինաթ Թրումել: Ան աշխարհի 170 երկիրներու 50 միլիոն սկաուտներուն ողջոյնները փոխանցեց ՀՄԸՄ ին՝ համա- ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին իրականացման համար եւ ըսաւ, որ սկաուտութիւնը համաշխարհային արժէք է, որովհետեւ անիկա կ՛առաջադրէ բարեփոխել պատանին ֆիզիքապէս, հոգեպէս, գաղափարականօրէն եւ յուզականօրէն:

Թրումել յայտնեց, որ սկաուտութեան մէջ շատ կարեւոր է անձի օրինակը, անձնազոհութեան վրայ հիմնուած սեփական օրինակը, որուն լաւագոյն ներկայացուցիչն է Վահան Չերազ: Ան աւելցուց, որ աշխարհի տարածքին հազուագիւտ են այն արձանները, ուր սկաուտ պատասխանատուները պատկերուած ըլլան սկաուտական տարազով եւ այս արձանը այդ հազուագիւտ արձաններէն մէկն է:

Իր խօսքի աւարտին, Թրումել անգամ մը եւս շնորհաւորեց ՀՄԸՄը արձանին բացման եւ 100ամեայ յոբելեանին համար:

ՀՅԴ Շիրակի մարզային կոմիտէին պատգամը փոխանցեց Հմայեակ Խոցանեան, որ նաեւ ՀՄԸՄ -ՀԱՍԿի Գիւմրիի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է: Ան խօսեցաւ երախտապարտութեան եւ հպարտութեան զգացումներուն մասին: «Հպարտ եմ, որ Չերազի եղբայրը կրնամ նկատուիլ։ Այն Չերազին, որ 3500 որբերով զբաղեցաւ, Անդրանիկի զինակից եղաւ եւ իր մահուան գնով տէրը եղաւ իր առաքելութեան եւ ՀՄԸՄական պարտականութեան», ըսաւ Խողանեան՝ աւելցնելով. «Այսօր, Շիրակի աշխարհի սիրտին՝ Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած այս արձանը իր լուռ ներկայութեամբ պիտի ծառայէ սերունդներ դաստիարակելու գործին, որովհետեւ անիկա խորհրդանիշը պիտի ըլլայ ՀՄԸՄական արժեհամակարգի մը, որմէ սորվելիք շատ բան ունին այսօրուան նոր սերունդի ներկայացուցիչները:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ան ըսաւ, որ յարգանքն ու մեծարանքը ՀՄԸՄական սկզբունքներ են: ՀՄԸՄը այսօր կը յարգէ հայ մարմնակրթութեան մեծ երախտաւոր մը եւ հայ սկաուտութեան նուիրեալ ներկայացուցիչ մը, որ իր արժանաւոր տեղը ունի միութեան պատմութեան մէջ:

Կէօվօղլանեան իր խօսքին մէջ ողջունեց Վահան Չերազի դստեր՝ Բիւրակնի ներկայութիւնը, նաեւ շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց մշակոյթի նախարարութեան եւ Գիւմրիի քաղաքապետութեան, որոնք նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՄԸՄի Գանատայի շրջանին, որ ստանձնեց արձանին կառուցման բոլոր ծախսերուն բարերարութիւնը: Վերջապէս, Կէօվօղլանեան գնահատեց արձանագործ Սամուէլ Պետրոսեանը, ճարտարապետ Սամուէլ Ումրոյեանը եւ գործին իրականացումը հետեւողանօրէն հետապնդած Վարուժ Սարեանը, որ նախկին լիբանանահայ մը ըլլալով՝ քանի մը տարիէ ի վեր հաստատուած է Գիւմրի:

Կէօվօղլանեան շեշտեց, որ այսուհետեւ Վահան Չերազի արձանը Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր ՀՄԸՄականի համար պիտի ըլլայ ուխտավայր, ուր ան պիտի ստանայ գաղափարական անսպառ ուժ եւ հայրենանուիրումի անվերջ կորով:

Բացման հանդիսութեան ողջոյնի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Շիրակի փոխ մարզպետ Սոֆի Յովսէփեան: Ան ըսաւ, որ այսօր գնահատանքի օր է: Շիրակի մարզը կը գնահատէ իր արժանաւոր զաւկը եւ որբախնամի աշխատանքի մեծ նուիրեալը: Յովսէփեան շեշտեց, որ Շիրակի մարզը բաց է բոլորին դիմաց եւ յառաջիկային կ՛արժէ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ կատարել նաեւ մարզի այլ շրջաններուն մէջ:

Խօսքերէն ետք, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆի Յովսէփեանը եւ Վահան Չերազի արձանի հեղինակ Սամուէլ Պետրոսեանը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սկաուտական «Ով հայ արի» քայլերգով:

comments