By Asbarez | Monday, 30 July 2018
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իբրեւ ժողովրդավար երկիր՝ Հայաստանը նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու յանձնառութեան: Այս մասին «Ճազիրա» լրատուական կայանի յայտնի «Talk to Al-Jazeera» ծրագիրին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան գործընթացէն ետք, Ատրպէյճան աւելի՛ յարձակողական դարձած է: «Մենք մեծ հնարաւորութիւններ ունինք Հայաստանը աւելի ժողովրդավար դարձնելու, հաւասար պայմաններ ստեղծելու, կաշառակերութեան եւ մենիշխանութեան դէմ պայքարելու հարցով: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը որոշ վախեր ունի այն գծով, որ իր ժողովուրդը կրնայ ոգեշնչուիլ Հայաստանի յեղափոխութենէն եւ փորձել նման փոփոխութիւններ ընել նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութեան աճը կապուած է այս իրադրութեան հետ», մեկնաբանած է Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն իրենց ժողովուրդին ուշադրութիւնը երկրի ներքին խնդիրներէն շեղել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին միջոցով:
«Մենք պատրաստ ենք խաղաղ բանակցութիւններու: Կ՛ուզեմ յստակացնել այս մէկը՝ ես պատրա՛ստ եմ բանակցելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ», յայտարարած է ՀՀ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ պատրաստ է նաեւ հանդիպելու Ալիեւի հետ:
Փաշինեան Արցախի խնդիրի լուծման հարցով կարեւոր համարած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին ձեւաչափը. «Կը կարծեմ, որ այս ձեւաչափը ի զօրու է հակամարտութիւնը լուծելու խաղաղ ճանապարհով, եթէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութիւնները համապատասխան քաղաքական կամք դրսեւորեն: Կրնամ վստահեցնել միջազգային հանրութիւնը, որ ինչպէս որեւէ ժողովրդավար կառավարութիւն՝ մենք եւս իրական կամք ու ցանկութիւն ունինք հակամարտութիւնը խաղաղապէս կարգաւորելու եւ պատրաստ ենք բանակցելու: Սակայն կ՛ուզեմ շեշտել, որ մենք պատրաստ չե՛նք որեւէ քայլի դիմելու այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր մեզ կը փորձեն վախցնել», յայտարարած է վարչապետը:
Փաշինեան նաեւ կարեւոր համարած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը: Ան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն Հայաստանին, ուր ատելութեան խօսք չի հնչեր Ատրպէյճանի ու ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ, պաշտօնական Պաքուն մշտապէս հանդէս կու գայ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններով, ու նման գործելաոճէ չի խորշիր նոյնիսկ նախագահ Ալիեւը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ