By Asbarez | Monday, 30 July 2018

Զուիցերահայ գործարար, Մարսէյի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Վարդան Սըրմաքէշ նախաձեռնած է նոր նախագիծի մը՝ «Պիլտ Արմինիա» (Build Armenia) հիմնադրամին, որուն միացած են աւելի քան տասնեակ մը սփիւռքահայ գործարարներ: Ըստ նախնական հաշիւներու՝ առաջին փուլին նախագիծին համար շուրջ 100 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարուի: Այս մասին գործարարը յայտարարեց հեռատեսիլի «Ա. Ալիք» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Կարծում եմ, որ այսօր Հայաստանում տիրող նոր էներգիան եւ օրէնսդրական դաշտի բարելաւումը կը նպաստեն ներդրումային ներհոսքին դէպի երկիր, ինչը կարող է դառնալ լայնածաւալ հայրենադարձութեան պատճառ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ վերադարձող հայրենակիցներուն հիմնադրամը պիտի տրամադրէ բնակութեան վայր, պիտի օգնէ աշխատանք ապահովելու հարցին մէջ: Վերադարձողներուն համար պիտի ստեղծուին գօտիներ, ուր անոնք պիտի կարենան օգտուիլ առողջապահական, կրթական եւ արհեստակցական կեդրոններէ, մասնաւորապէս կաշիէ, ոսկերչական իրերու արտադրութեան եւ պիտի ստեղծուի արտադրական շղթայ մը, կը բացատրէ Սըրմաքէշ:
Ըստ անոր՝ հիմնադրամի գործունէութիւնը պիտի զարգանայ Եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան: «Մենք բաց եւ թափանցիկ կը լինենք, որպէսզի բոլորը կարողանան հետեւել մեր աշխատանքին եւ մեր նպատակային ծախսերին», յայտնեց գործարարը՝ աւելցնելով, որ հիմնադրամին կրնան միանալ նոր հայրենադարձներ, յատկապէս Ռուսիայէն: «Ես վստահ եմ, որ եթէ մենք շարժուենք ճիշդ ուղղութեամբ, ապա կը կարողանանք բարձրացնել Հայաստանի վարկանիշը միջազգային մակարդակով եւ ապահովել հայրենադարձների լայնամասշտաբ ներհոսք, ովքեր կը կարողանան նոր Հայաստանում հասնել նոր յաջողութիւնների», եզրափակեց Սրմաքէշ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ