By Asbarez | Monday, 30 July 2018
Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, «Թերթ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 27 Յուլիսին, այցելեց Ս. Փեթերսպուրկի «Կամսկի» պուրակը, ուր ծաղիկներ խոնարհեց Կոմիտասի յուշարձանին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խաչքարին:
Այնուհետեւ, վարչապետը այցելեց «Էրմիթաժ», ուր հանդիպում ունեցաւ մշակոյթի գործիչներու հետ: Փաշինեան պատասխանեց մշակութային գործիչներու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, մշակութային փոխգործակցութեան, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ արուեստի հետ առնչուող շարք մը երեւոյթներու:
Ըստ վարչապետին, հայ-թրքական յարաբերութիւնները Թուրքիան կը կապէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ, եւ ինք տարօրինակ կը համարէ այն երեւոյթը, որ թրքական կողմը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ երրորդ երկրի մը հետ յարաբերութիւններով:
«Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ սահմանը փակել է Թուրքիա՛ն. Հայաստանի կողմից այն կարելի է համարել ո՛չ փակ: Մեզ համար շատ կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, եւ Հայաստանն այժմ ցեղասպանութիւնների դէմ պայքարում առաջամարտիկներից է: Ցեղասպանութեան հարցը մեր երկրի համար՝ ոչ այնքան հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, որքան ցեղասպանութեանց դէմ գլոբալ պայքարի հարց է: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիայի հետ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ առանց որեւէ՛ նախապայմանի», յայտնեց վարչապետը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ