Տաւուշի Մարզպետը Կ՛աջակցի Հայաստան Հիմնադրամի Ծրագիրներուն

By Asbarez | Monday, 06 August 2018

0804armeniafund

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ժամանակաւոր գործադիր տնօրէն Պետրոս Թերզեան Տաւուշի մարզպետ Վահէ Ղալումեանին ներկայացուց Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Տաւուշի մարզին մէջ  իրականացուցած ծրագիրները:

«Տպաւորուած եմ Համահայկական հիմնադրամի իրականացրած ծրագրերով Հայաստանում եւ Արցախում: Յատկապէս ուրախալի է մեր մարզում կատարուած ծրագրերի ծաւալն ու արդիւնաւէտութիւնը: Պատրաստ եմ իմ լիազօրութիւնների սահմաններում համագործակցել եւ օժանդակել Հայաստան համահայկական հիմնադրամի նախագծերին Տաւուշում», նշեց մարզպետը:

Պետրոս Թերզեան տեղեկացուց, որ Համահայկական հիմնադրամը պիտի շարունակէ Տաւուշի մէջ սկսած նոր՝ արեւային ջրաջեռուցիչներու զետեղման ծրագիրը: Փորձնական համայնք ընտրուած է Խաշթառակը, ուր 50 ընտանիքներ արդէն կ՛օգտուին արեւային ուժանիւթէ:

«Տաւուշը մեր դիտակէտում է եւ չափազանց կարեւոր ենք համարում այս մարզի զարգացումը, քանի որ, նախեւառաջ, այն սահմանային է: Անվտանգութեան ապահովումը այստեղ նախ տնտեսութեան զարգացումով է ապահովուած, ինչն էլ անում ենք տասնեակ տարիներ», ընդգեց  Պետրոս Թերզեան:

Արդէն տասը տարի է, որ մարզին մէջ կը գործէ «Հիմնատաւուշ» հիմնադրամը, որուն գործունէութիւնը միտուած է նպաստելու մարզի անասնապահական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներու զարգացման: Հիմնադրամը հիմնուած է եւ կը ֆինանսաւորուի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի եւ Ֆրանսայի Օ-Տը-Սեն գաւառի համագործակցութեամբ:

«Հիմնատաւուշ»ի ագարակը եւ կաթնամթերքի արտադրամասը կը գործեն Լուսաձոր գիւղին մէջ: Մարզպետն ու հիմնադրամի ժամանակաւոր գործադիր տնօրէնը շրջեցան ագարակի մէջ եւ գտնուեցան կաթնամթերքի արտադրամասը:

Նշենք, որ կաթնամթերքի գործարանը գիւղի 30 բնակիչներու աշխատանքով կ՛ապահովէ:

«Հիմնատաւուշ»ի ագարակին մէջ դանիական կովեր կը պահուին: Ագարակը կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն: Տաւուշի Լուսաձոր համայնքի բնակիչները այս տարի պիտի ստանան նաեւ բարձր որակի ցորենի սերմնացու: Ութ հեկտար տարածքէն կը սպասեն նուազագոյնը 25 թոն ցորեն, որուն շնորհիւ գիւղի 110 ընտանիքները յաջորդ ցանքին համար բարձր որակի ցորենի անվճար սերմ պիտի ունենան: Ծրագիրը կ՛իրականացուի Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ֆրանսահայ բարերարներու շնորհիւ՝ «Հիմնատաւուշ» հիմնադրամի միջոցով:

Յայտնենք, թէ Տաւուշի Խաչարձան համայնքը արժանթինահայերու հոգածութեան տակ է: Իջեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Հայաստան հիմնադրամի ֆինանսաւորումով կը կառուցուի երկյարկանի մանկապարտէզ մը: Հիմնադրամին շնորհիւ Բաղանիսի մէջ լուծուած է ոռոգման ջուրի հարցը, իսկ պրազիլահայերը Այգեհովիտի մէջ ջերմոցներ կը կառուցեն:

Նշենք նաեւ, թէ Տաւուշի մէջ Հայաստան Հիմնադրամը կը գործէ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ:


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement